"«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» Երգչախումբը Ճաբոնի Մէջ Համերգներ Պիտի Տայ.
«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչներ» Երգչախումբը հրաւէր ստացած է Ճաբոն մեկնելու,համերգային
մեծ շրջագայութեամբ: Ըստ երգչախումբի ղեկավար Տիգրան Հեքեքեանի տարածած հաղորդագրութեան,
համերգային այս ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 7 էն-Օգոստոս 12:
Երգչախումբը
16 համերգով հանդէս պիտի գայ Ճաբոնի մեծ քաղաքներուն մէջ, պիտի ունենայ բազմաթիւ հանդիպումներ
ճաբոնցի մշակոյթի գործիչներու, յայտնի արուեստագէտներու եւ երիտասարդներու հետ: Այս Շրջագայութիւնը
կը միտի մերձեցման եզրեր հաստատել՝ հայ եւ ճաբոնցի ազգերու միջեւ:
Երգչախումբը
պիտի ներկայացնէ հայկական հարուստ մշակոյթը եւ, ինչպէս միշտ, պիտի հնչեցնէ նաեւ համաշխարհային
անուանի հեղինակներու ստեղծագործութիւններ: