2012-06-25 12:47:50

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Երկուշաբթի 25 յունիս 2012 առաւօտեան ժամը 11.30-ին Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս ներկայացնելու Կաթողիկէ Դաստիարակութեան եւ Քահանայական Կոչումներու Քահանայապետական յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած ՙՔահանայական կոչումներու հովուական ուղեցոյց՚ տիտղոսով վաւերաթուղթը։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ ունեցան Կարտինալ Զէնոն Կոչոլէվսքի` Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի կառավարիչը, նոյն ժողովի քարտուղարը գերապայծառ Ժան Լուի Պրուկէս եւ ենթաքարտուղարը գերապայծառ Անճէլօ Վինչէնցօ Զանի։








All the contents on this site are copyrighted ©.