2012-06-25 12:48:36

Սուրիոյ Նոր Կառավարութան Բնապահպանութեան Նախարարը ծագումով Հայ Տիկին Նազիրա ֆարահ ՍԱՐԳԻՍ։


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի թիւ 210 որոշմամբ ձեւաւորուած է Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը` Ռիյատ Հիճապի գլխաւորութեամբ:

Նոր Կառվարութեան 30 նախարարներուն մէջ է նաեւ Տիկին Նազիրա Ֆարահ Սարգիս ։ Այս մասին կը յայտնէ պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը: Սարգիս նշանակուած է Բնապահպանութեան Նախարար:

«Խապար արմանի» արաբալեզու կայքը կը տեղեկացնէ, որ տիկին Սարգիս հայ է` Սուրիոյ հայկական համայնքէն: Ծնած է 1962-ին, Հալէպ, մասնագիտութեամբ քիմիագէտ է, գիտութիւններու թեկնածու, եւ աշխատած է Հալէպի Համալսարանին մէջ:

Աղբիւրը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ Սուրիոյ Ազգային ժողովի պատգամաւոր առաջադրուած, սակայն չյաղթած Սունպուլ Սունպուլեան նոյնպէս պիտի ներառուի նոր կառավարութեան մէջ:

Միւս կողմէ Սուրիայէն տխուր լուր մը մեզի կը հասնի, կը տեղեկանանք որ Սուրիոյ մէջ զոհուած է սուրիական բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող, սուրիական Հասաքա գիղէն, 1992-ի ծնունդ ծագումով Հայ Ճալալ ՄԵԼՔՈՆ-ը։ Ան զոհուած է Հոմսի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.