Անցեալ 21 յունիսի առաւօտեան ժամը 11.30 անց Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին
մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին ներակայացուեցաւ յառաջիկայ հոկտեմբերի
սկիզբ առնելիք <<Հաւատոյ Տարին>>։ Հանդիպումի ընթացքին, Նոր աւետարանութեան Քահանայապետկական
Խորհուրդի Նախագահը գերապայծառ Ռինօ ֆիզիքելլան ներկայացուց Հաւատոյ տարուայ ընթացքին
նախատեսուած ձեռնարկներու օրակարգը եւ ժամանակացոյցը։ Ան ապա ներկայցուց Հաւատոյ
Տարուայ առթիւ պատրաստուած յատուկ կայքէջը` Հաւատոյ Տարուայ շքանշանը ինչպէս նաեւ Հաւատոյ
Տարուայ առթիւ պատրաստուած օրհներգը։ Իր ելոյթի ընթացքին Գերապայծառ ֆիզիքելլան յայտարարեց
որ յառաջիկայ սեպտեմբեր ամսուայ ընթացքին, լոյս պիտի տեսնէ, զանազան լեզուներով, <<Ապրիլ
Հաւատոյ Տարին>> վերտառութեամբ Հովուական ուղեցոյց մը։ Հաւատոյ Տարին Սկիզբ կ՛առնէ
հոկտեմբեր 2012 եւ վերջ կը գտնէ 2013-ի նոյեմբերին։ Գերապայծառ ֆիզիքելլայի գնահատումով
այսօր կ՛ապրինք <<ընդհանուր ճգնաժամ մը որ կ՛ընդգրկէ նաեւ հաւատքը>>։ Մարդս այսօր շփոթ
վիճակի մէջ կ՛ապրի եւ մենակ եւ բռնի ուժերու բերին տակ չի գիտեր դէպի ուր ուղղել իր կեանքը։