2012-06-24 12:18:22

Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը


Կիրակի 24 յունիսի կէսօրին,Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը, ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ կատարած իր խորհրդածութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը նշեց թէ այսօր 24 յունիսին եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի ծննդեան տօնը։
Չորս աւետարանչիներն ալ կարեւորութեամբ կ՛անդրադառնան Յովհաննէս Մկրտիչին որպէս Հին կտակարանի վերջին մարգարէն եւ Նոր կտակարանի բացումը կատարողը։ Յովհաննէս Մկրտիչի մասին խօսելով Յիսուս կ՛ըսէ <<Ան որուն մասին գրուած է. Ահաւասիկ կը ղրկեմ իմ պատգամաւորս քու առջեւէդ. ան քու ճանապարհդ պիտի պատրաստէ քու առջեւդ։ ՙՃշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, կնոջմէ ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն աւելի մեծը չէ եղած. բայց երկնքի Արքայութեան մէջ, ամենէն փոքրիկը անկէ աւելի մեծ է՚։
Սուրբ Յովհաննէս կարողացաւ Ճանչնալ Տէրը - ըսաւ Սրբազան Հայրը- ու զայն մկրտելէ ետք Յորդանան գետին մէջ ու Մեսիա հռչակելէն ետք, խոնարհաբար ծնկադրեց անոր առջեւ։ Անոր օրինակը մեզ կը հրաւիրէ ապաշխարհելու եւ վկայելու Քրիստոսը, Սուրբ Յովհաննէսի նման ըլալով <<ձայնը որ կ՛աղաղակէ անապատին մէջ>> մինչեւ իսկ` Անոր նման, մեր կեանքի զոհաբերումը։
Թող Սուրբ կոյս Մարիամը բոլորիս օգնէ հետեւելու Յիսուսին` Քրիստոսին` Աստուծոյ Որդւոյն։


Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ ձեռնարկուած <<Սրբազան Քահանայապետի Ողորմութեան օրուան>> ։ Սրբազան Հայրը սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ժողովրդապետութիւններուն, ընտանիքներուն եւ հաւատացեալներուն որ նեցուկ կը կանգնին դժուար կացութեան մէջ ապրող իրենց եղբայրակիցներուն ու յիշեց թէ յառաջաիկայ 26 յունիսին հովուական այցելութեամբ պիտի մեկնի Իտալիոյ Էմիլիայ Րոմանիայ շրջանը, այցելելու համար անցեալ մայիս ամսուայ վերջը պատահած երկրաշարժի աղէտեալները ։
Կը փափաքիմ որ այս այցելութիւնս համայն եկեղեցւոյ զօրակցութեան նշանը ըլլայ - ըսաւ Ան - հուսկ զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ներկայ հաւատացեալները ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.