2012-06-24 10:53:37

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի Քարոզը, Գիւտ Նշխարաց Սրբոյ Հօրն Մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին Տօնին Առթիւ


Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցի – 24.6.12

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր
Յատուկէն՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտախումբի յարգոյ անդամներ,

Մեզի, հայերուս համար, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տօնը սովորական յիշատակութիւն մը չէ։ Արդարեւ, Ս. Գրիգորի քարոզութիւնը հայ ժողովուրդին, չորրորդ դարուն սկիզբը, անկիւնադարձ մը հանդիսացած է բոլոր հայ ազգին եւ անոր պատմութեան։
Պատմաբանները կը հաստատեն, թէ Ս. Գրիգորէն առաջ քրիստոնեայ քարոզութիւնը մտած էր Հայաստան առաջին դարերուն, հիւսիսէն՝ յոյն քարոզութեամբ եւ հարաւէն՝ ասորի քարոզութեամբ, բայց ոչ Մեծ Հայկին մէջ։ Հալածանքներ տեղի ունեցած են եւ հայերը մարտիրոսներ ալ տուած են։ Բայց համայն հայ ժողովուրդին գլխաւոր Առաքեալը կը մնայ Ս. Գրիգորը, որ իրաւամբ անուանուեցաւ Հայ Ազգին Լուսաւորիչը, որովհետեւ Ս. Աւետարանի փրկարար լոյսը բերաւ հայ ժողովուրդին։
Պարթեւական ազգէ, Գրիգոր ծնած է Կապաթովկեան Կեսարիոյ մէջ, ուր իր քրիստոնեայ ուսումը իր մօրմէն ստացած է, եւ հոն տեղէն ղրկուած է Հայաստան՝ Ս. Աւետարանը քարոզելու համար։ Տրդատ թագաւորը, որ հեթանոս էր եւ հռոմէացիներուն հպատակ, պատժեց քրիստոնեայ Գրիգորը զայն նետելով Խոր Վիրապ, ուր հրաշքով շուրջ 14 տարի վերապրեցաւ շնորհիւ պառաւի մը, որ ամէն օր իրեն հաց ու ջուր կը բերէր։ Մեր ծէսը կը յիշատակէ այս դէպքը կատարելով Ս. Գրիգորի՝ մուտն ի Վիրապի տօնը։
Տրդատ արքայ, արտակարգ կերպով այլակերպած իր կատարած յանցանքին պատճառով՝ խոզակերպ դարձած էր։ Անոր քոյրը՝ Խոսրովիդուխտ, որ շատ մտահոգուած էր իր եղբօր վատ վիճակին մասին, օր մը երազին մէջ հրեշտակի ձայնը կը լսէ, որ իրեն կ՚ըսէ. «Գրիգորը միայն կրնայ եղբայրդ բուժել»։
Ոչ ոք իրեն հաւատաց, որովհետեւ ամէնքը կը կարծէին թէ Գրիգոր շատոնց մահացած է։ Բայց անոր պնդումին վրայ, Խոր Վիրապ կ՚երթան, ողջ կը գտնեն Գրիգորը եւ զայն դուրս կը հանեն։ Այս դէպքը կարեւորելու համար է, որ մեր Եկեղեցին կը յիշատակէ տօնը Ս. Գրիգորի ելն ի Վիրապէն։
Գրիգոր կ՚աղօթէ Տրդատին վրայ եւ Աստուած Տրդատը կ՚առողջացնէ։ Ան, իր ընտանիքով եւ արքունիքով կը մկրտուի Ս. Գրիգորին ձեռքով, եւ, որպէս համոզուած քրիստոնեայ, կ՚աջակցի Ս. Գրիգորին՝ քրիստոնէութիւնը տարածելու համար Հայաստանի քաղաքներու եւ գիւղերուն մէջ։
Պէտք չէ սակայն կարծել, որ քրիստոնէութեան թափանցումը հայ ժողովուրդին մօտ հեզասաւ անցաւ։ Կորիւն, Ս. Մեսրոպին աշակերտը, իր «Պատմութիւն Վարուց» գիրքին մէջ կը նշէ, թէ չորրորդ դարուն վերջերը տակաւին կային հեթանոսական հետքեր Հայոց քով։ Անոնք պիտի ջնջուին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր աշակերտներուն քարոզութեամբ՝ հինգերորդ դարուն։
Ս. Գրիգորի վերջին տարիները եւ անոր մահը մթութեան մէջ մնացած են։ Կը պատմուի թէ ան ճգնեցաւ Մանայարք լերան վրայ մինչեւ իր մահը։ Հոն հովիւներ գտան անոր մարմինը եւ զայն թաղեցին առանց գիտնալու ո՞վ ըլլալը։ Տեսիլքով միայն կը գտնուին անոր աճիւնները։ Այս է Տօնը Գիւտ Նշխարաց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին, զոր կը տօնակատարենք այսօր։
Սիրելիներ, ամէն բանէ առաջ, Երկնաւոր Հօր բարձրացնե՛նք մեր գոհաբանական աղօթքը, որ իր անհուն բարութեամբ հաճեցաւ Ս. Գրիգորի քարոզութեամբ հաւատքի կոչել հայ ազգը, որ հռչակեց քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք։ Այսպէս, Ս. Աւետարանը լուսաւորեց մեր ժողովուրդը, մեր մշակոյթը ու ամէն հայու սիրտը, եւ հանդիսացաւ կեանքէն իսկ աւելի թանկագին։ Այսինքն՝ կեանքը զոհել բայց հաւատքը՝ ո՛չ, այլ՝ հաւատքը փրկել կեանքը զոհելով, որովհետեւ հայերը հաւատացին Յիսուսի Խօսքին, որ ըսաւ՝ «Ես եմ ճանապարհը եւ ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յովհ. 14,6)։
Այդ օրհնեալ օրէն ի վեր, Հայ Ժողովուրդը անսայթաք կերպով կը յառաջանայ, ի յեճուկս բոլոր դժուարութիւններու, ունենալով իր հոգիին մէջ Աստուած, իր ձեռքին մէջ՝ Ս. Աւետարանը, իր բերնին մէջ՝ սրբահիւս Շարականները եւ իր սրտին մէջ՝ Լուսաւորիչ Ս. Գրիգորը։ Միանգամայն, հայը իր աչքերը սեւեռած կը պահէ երկինքին վրայ՝ իր յաւիտենական նաւահանգիստը։
Սիրելիներ, այսօր եւ ամէն օր հսկե՛նք մեր խօսքերուն եւ ապրելակերպին վրայ, որ չըլլայ թէ հեռանանք այն նուիրական ուղիէն եւ մեր պապերու մեզի ձգած աւանդէն։
Փակելու համար խօսքս, ձեզ կը հրաւիրեմ Ս. Ներսէս Շնորհալի՝ մեր մեծ Հայրապետին հետ գոչելու՝
«Գրիգորիոս, Սերովբէից կցորդ, զմեզ ձայնակցեցեր Լուսաւորիչ բանիւ.
Ուրախ լե՛ր վարդապետ, Աստուած ի մէնջ օրհնի». Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.