2012-06-23 12:34:02

Ֆրանսայի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի Մամլոյ Ասուլիսը


<<Քահանայապետին Լիբանան Ճամբորդութիւնը >>Նիւթին Մասին։
Յառաջիկայ 26 յունիսի առաւօտեան, Ֆրանսայի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած է մամլոյ ասուլիս մը <<Քահանայապետին Ճամբորդութիւնը Լիբանան>> յեղաշրջումի մէջ գտնուող արաբական երկիրներուն հրատապ հարցերն ու մարտահրաւէրները>> վերտառութեամբ։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան ֆրանսայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի բանբեր` գերապայծառ Պէրնարտ Բոտվէն որ կը ներկայացնէ ճամբորդութեան յայտագիրը, ապա ելոյթ կ՛ունենայ Oeuvre d'Orient- եկեղեցական բարեգործական հաստատութեան տնօրէնը` գերապայծառ Բասքալ Կոլնիշ որ կը խօսի ճամբորդութեան հարցերու մասին, մինչ դասատու Ժոզէֆ Պահուն կ՛անդրադառնայ <<միջին արեւելքի Քրիստոնեաներու ապագան>> նիւթին։
Խօսք կ՛առնէ նաեւ Մարոնիթ եպիսկոպոս` գերապայծառ Մունիր Խայրալլան որ կը զրուցէ <<Լիբանանու օրինակը - պատգամաբեր երկիր>> նիւթին շուրջ, ապա տեղի կ՛ունենայ, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, հայր Սամիր Խալիլ Սամիրի միջամտութիւնը <<Եկեղեցւոյ ապագայի ծրագիրները եւ մարտահրաւէրները>> նիւթին մասին, հուսկ՝ Լիբանանու Կաթողիկէ Հաղորդակցութեանց կեդրոնի պատասխանատուն՝ Հայր Ապտօ Ապու Գասէմ կ՛անդրադառնայ ճամբորդութեան մանրամասն տեղեկութիւններուն։
Հանդիպումի աւարտին նախատեսուած է նաեւ հիւրասիրութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.