2012-06-23 07:24:50

Ճաբոնի Եկեղեցին Հռչակած է Նաքազաքին Որպէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ուխտավայրը` Ի Յիշատակ 16-րդ Դարու Նահատակներուն։


Ճաբոնի Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու դասը հռչակեց Նաքազաքիի Նիշիզաքիի բլուրը որպէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուխտավայր։ Արդարեւ 1597-ին այդ բլուրին վրայ 26 քրիստոնեաներ խաչուեցան։
Այս նախաձեռնութեամբ Ճաբոնի քրիստոնեայ հաւատացեալները պիտի կարողանան նահատակներու սրբավայրը այցելել։ Նշենք որ 26 նահատակները սբադասաուծ են 1862-ին, ու անոնց խաչելութեամբ սկիզբ առած էր շուրջ 300 հազար քրիստոնեաներու նահատակութիւնը։ Հալածանքի ալիքը վերջ գտած է 1873-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.