Լարուածութիւնը Ծայրաստիճան Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ Միջեւ ։ Սուրիոյ Հակաօդային Պաշտպանութեան
Համակարգերը Վար Առած՝ Թրքական Ռազմական Օդանաւ Մը ։
Սուրիա հաստատած է թէ վար առած է Թրքական Օդանաւը,Երբ անիկա Սուրիական Օդային տարածքը
մտած էր. Սուրիոյ տարածքային ջուրերուն մէջ անհետացած թրքական ռազմական օդանաւը ոչ թէ
ինկած է, այլ կործանուած է սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գործողութիւններուն
արդիւնքով։ Թրքական կառավարութեան տուեալներով` օդանաւին հետ կապը ընդհատուած էր այն
ժամանակ, երբ ան կը գտնուէր Միջերկրական ծովուն վրայ` Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը: Թրքական
կողմը կը տեղեկացնէ, որ F-4 տիպի ռազմական օդանաւին մէջ կային երկու օդաչուներ, որոնք
գտնելու համար փրկարարական աշխատանքներ սկսած են Թրքական հեռուստաընկերութիւնները
հաղորդած էին նաեւ, որ Անգարա դիմած է սուրիական իշխանութիւններուն, Սուրիոյ տարածքային
ջուրերուն մէջ օդաչուները յայտնաբերելու աշխատանքներ իրականացնելու նպատակով: Միւս
կողմէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահը Ապտուլլահ Կիւլ յայտնած , թէ «Սուրիոյ կողմէ
թրքական կործանիչին վար առնուելը կարելի չէ անտեսել» եւ «Անգարա կործանիչին վար առնուելուն
խիստ կերպով պիտի հակադարձէ»։