Թուրք Գիտնականները Հայկական Եւ Ասորական Պատմական 350 Կոթողներու Մնացորդներ Գտած Են.
Թուրքիոյ Պաթման քաղաքի համալսարանի աշխատանքային խումբը Թուրքիոյ հինգ շրջաններու մէջ
ուսումնասիրութիւններ կատարած է եւ գտած է աւերուած 350 եկեղեցիներ, մենաստան, ամրոց,
աղբիւր եւ պատմական այլ շինութիւններու մնացորդներ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական
«Սոնտաքիքա» կայքը, գտնուած կոթողներու մեծ մասը կը պատկանին հայերուն եւ ասորիներուն.
շրջակայ գիւղերու բնակիչները այդ պատմական քարերը օգտագործած են՝ կառուցելու համար իրենց
գիւղերուն տուներն ու գոմերը: Ուսումնասիրութիւնը իրականացուցած է Պաթմանի համալսարանի
դոկտոր Մեհմետ Էմին Շեն՝ հինգ հոգինոց աշխատանքային խումբի մը հետ: Երկու հնագէտներու,
երկու պատմաբաններու եւ լուսանկարիչի մը կողմէ իրականացուած այս աշխատանքները տեւած են
շուրջ վեց ամիս: Սասունի շրջանի Գուրգէնլի գիւղի Թաշփընարի ամրոցի աւերակներէն վերցուած
խաչքարին օգտագործումը՝ յարակից տուներէն մէկուն շինութեան մէջ, ապշեցուցած է խումբի
անդամները: Հետազօտողներուն ուշադրութիւնը գրաւած է նաեւ նոյն գիւղի ախոռներէն մէկուն
պատը կառուցելու համար օգտագործուած հայերէն տառեր պարունակող քարերը:
«Առաջին
անգամն է, որ նման ուսումնասիրութիւն մը կ՛իրականացուի եւ անիկա լոյս կը սփռէ Պաթմանի
նահանգին մէջ թաքնուած պատմութեան վրայ»(ըսած է Մեհմետ Էմին Շեն) : Սասունի հայերու
միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղճը կարեւոր համարած է իրականացուած ուսումնասիրութիւնները:
«Հայերը եւ ասորիները պատմական կարեւոր կոթողներ ունեցած են այս տարածքներուն մէջ: Անոնց
մնացորդացի յայտնութիւնը գիւղերու տուներու եւ ախոռներու պատերուն վրայ, ցոյց կու տայ,
թէ մենք որքա՛ն կ՛արժեւորենք պատմութիւնը: Նման աշխատանքներու շնորհիւ հնարաւոր է նաեւ
զարգացնել զբօսաշրջութիւնը Պաթմանի մէջ: Այս աշխատանքներուն շնորհիւ, հնարաւոր է փակել
նաեւ այս տարածքներուն մէջ գանձեր որոնողներու ճանապարհը», ըսած է Տաղճը: