2012-06-23 07:24:41

«Փոքրիկ Հրեշտակներ» Շաբաթօրեայ Դպրոցի Ամավերջի Հանդէս։


ՊԸՐՊԵՆՔ- Շաբաթ, 9 Յունիսին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցի ամավերջի հանդիսութիւնը, որ բաղկացած էր երկու մասերէ: Ա. դասարանի հրեշտակներու ելոյթով սկիզբ առաւ հանդիսութիւնը ՜՜հայոց ոսկեղնիկ Այբուբենին՝՝ նուիրուած գեղեցիկ յայտագիրով, ապա աւարտական՝ վեցերորդ դասարանի աշակերտները, կրտսեր աշակերտներու հետ ներկայացուցին Գէորգ Էմինի «Յաւերժի Ճամբորդ»ը՝ գործը, համեմուած ազգային ու հայրենասիրական երգերու հոգեյոյզ կատարումներով:
Դպրոցի աւանդոյթին համաձայն՝ Տառաճանաչութեան վկայականներ յանձնուեցան առաջին դասարանի աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ՝ «Պատկերազարդ այբենարան»ներ, իսկ վեցերորդ դասարանի աշակերտները ստացան Աւարտական վկայականներ:
Շնորհակալական խօսք արտասանեց տնօրէն Յովհաննէս սրկ. Գումրուեան, իսկ հանդիսութեան աւարտին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր յատուկ գնահատութիւնը յայտնեց դպրոցի հոգեւոր տեսուչ Աւետիս քհնյ. Աբովեանին եւ տնօրէն Յովհաննէս սրկ. Գումրուեանին՝ իրենց նախանձախնդիր եւ անձնուէր ծառայութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ ուսուցչական կազմին եւ ծնողներուն:
Հուսկ՝ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, որ պատրաստուած էր դպրոցի խնամակալ մարմինին կողմէ








All the contents on this site are copyrighted ©.