2012-06-22 12:38:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 22 յունիս 2012 առաւօտեան ժամ 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Պարչէլլոնայի Արքեպիսկոպոսը Կարտինալ Լուիս Մարթինէզ Սիստաչը։ Ապա Գոնչիսթորօ Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Գոլոմպիայի եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի անդամ` 37 եպիսկոպոսներուն որոնք Հռոմ ժամանած են, իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Ս. Պետրոսի յաջորդին ։ Ժամը 12ին Գլեմենթինա Սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ընդունեց հողամշակներու Իտալիոյ Ազգային Միութեան Ընդհանուր Ժողովի մասնակցողները (թիւով 100 հոգի)։ Անոնց ուղղած իր Ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ընգծեց թէ <<ընկերութիւնը, տնտեսութիւնը եւ աշխատանքը միակ աշխարհական երեւոյթ մը չեն եւ քրիստոնեայ պատգամէն հեռու չեն, այլ միջավայրեր են ուր կարելի է աճեցնել աւետարանի հոգեւոր հարստութիւնը>>։
Սրբազան Հայրը ապա յետ միջօրէի ժամը 18ին ընդունեց Ժողովուրդներու Աւետարանցումի Ժողովի Կառավարիչ` Կարտինալ ֆէրնանտօ ֆիլոնիին։Հուսկ Երեկոյեան ժամը 7ին այցելեց հայր Միէչզիսլաւ Բաչոսքիի շիրիմը։








All the contents on this site are copyrighted ©.