2012-06-22 12:38:07

Յառաջիկայ Տասնամեակին Գաղթականներու Թիւը Զգալի Աճ Պիտի Արձանագրէ


ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գործակալութեան նորագոյն տեղեկագիրին համաձայն, յառաջիկայ տասը տարիներուն ընթացքին աշխարհի վրայ գաղթականներու թիւը զգալիօրէն պիտի աճի՝ զինեալ յաւելեալ տագնապներու, սննդամթերքի եւ ըմպելի ջուրի պակասի, ինչպէս նաեւ կլիմայական փոփոխութիւններու պատճառով:
Կը նշուի, որ 2006-2011 թուականներուն, 15-16 միլիոն հոգի գաղթական դարձած է՝ փորձելով խուսափիլ իրենց երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող բռնութիւններէն կամ անապահով կացութիւններէն:
ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով յանձնակատար Անթոնիօ Կութիերես նշած է, որ վերջերս գաղթականներու աննախադէպ աճ արձանագրուած է Սուրիոյ, Սուտանի, Հարաւային Սուտանի, Մալիի, Ուկանտայի, Ռուանտայի եւ Քոնկոյի մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապներուն պատճառով:
Աճած է նաեւ հարցը ներքին գաղթականներուն, որոնց թիւը ամբողջ աշխարհի վրայ աւելի մեծ է (26 միլիոն), քան այլ երկիրներու սահմանները հատած գաղթականներունը:
«Բնակչութեան կամքէն անկախ տեղի ունեցող գաղթը հասած է իր գագաթնակէտին: Մեր օրերու տագնապները, մարդոց նկատմամբ բռնութիւնները եւ բնական աղէտները այս հոլովոյթին հիմնական պատճառներն են», նշած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն՝ տեղեկագիրի նախաբանին մէջ:
266 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթին վերջաւորութեան կը նշուի, որ գաղթականներու թիւի աճը միջազգային կարեւորութիւն ունի եւ հետեւաբար՝ միջազգային լուծում մը պէտք է գտնել անոր:










All the contents on this site are copyrighted ©.