2012-06-21 12:56:07

''Տառապող Եկեղեցի'' Կոչուած Եկեղեցական Ընկերակցութիւնը, Մանուկներու Համար Տպագրած Է Շուրջ 50 Միլիոն Պատկերազարդ Աստուածաշունչ ։


50 միլիոնի հասած է ''Տառապող եկեղեցի'' Կաթողիկէ ընկերակցութեան մանուկներու համար տպագրած Աստուածաշունչի թիւը։ Վերջին տպագրութիւնը հրատարակուած է Անկոլայի ՜՜Ուպունտու՝՝ բարբառով։ Մանուկներու համար պատրաստուած՝ պատկերազարդ Ս. Գիրքը անվաճառ կը բաշխուի թերաճ երկիրներու մէջ։
Այս Ս. Գիրքը կը բաժնուի 172 լեզուներով 140 երկիրներու մէջ։
Մանուկներու համար պատրաստուած՝ Աստուածաշունչը, նախաձեռնութիւնն է հայր Վան Սդրադէնին՝ հիմնադիրը ''Տառապող եկեղեցի'' Կաթողիկէ ընկերակցութեան։
1979-ի՝ Մանուկի միջազգային տարւոյն առթիւ, կրօնաւորը՝ հայր Վան Սդրադէն ուզած էր իր նպաստը բերել ճանչցնելով Աստուծոյ խօսքը մանուկներուն։ Մանուկներու Ս. Գիրքը շարադրուած է պարզ ու հաճելի ոճով։ Ներկայիս անիկա 10 լեզուներով կարելի է գտնել համացանցի հետեւեալ կայքէջի վրայ. http://kinderbibel.dli-info.de









All the contents on this site are copyrighted ©.