2012-06-21 12:53:57

Համամիութենական Աղօթք Եւրոպայի Գաղթականութեան Զոհերուն Յիշատակին։


Նախաձեռնութեամբ` Սանդ Էճիտիօյի հասարակութեան, Աւետարանական եկեղեցիներու դաշնակցութեան, Միկրանդէս Հինադրամի, Իտալիոյ Գարիթասի եւ Իտալիոյ Բանուրական Շարժումին, չորեքշաբթի 20 յունիսի երեկոյեան Հռոմի Սանդա Մարիա Ին Դրասդեվերէ Պազիլիքայի մէջ տեղի ունեցաւ համամիութենական աղօթք եւորպայի գաղթականութեան զոհերուն յիշատակին։ Ձեռնարկը գլխաւորեց Գաղթականներու եւ Փախստականներու Հովութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահը Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Վէլիօն։ Աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղթական հասարակութիւններու զանազան անդամներ, գաղթականութեամբ զբաղող ընկերակցութիւններ ու կազմակերպութիւններ։
Նշենք որ 20 յունիսը Մակի կողմէն յայտարարուած է որպէս Ապստանեալներու Համաշխարդային օր։








All the contents on this site are copyrighted ©.