Աշխարհահռչակ Սոփրանօ Յասմիկ Պապեան՝ Փասատինայի Բեմին Վրայ։
Հայազգի աշխարհահռչակ Սոփրանօ Յասմիկ Պապեան Լոս Անջելըս կը գտնուի եւ Յունիս 22ին
Օփերայի սիրահարները բացառիկ առիթը կ՛ունենան ներկայ ըլլալու Օփերայի գեղեցիկ երեկոյի
մը : Միջազգային ամենահեղինակաւոր բեմերը գրաւած ու տարբեր մրցանակներու ու կոչումներու
արժանացած, 22 Յունիսին ՝ ՀՀ ՝՝Ժողովրդական Արտիստ՝՝ ճանաչուած Յասմիկ Պապեանը, հանդէս
կուգայ բարեգործական նպատակով համերգի մը ծիրէն ներս, որմէ ստացուած հասոյթը պիտի
տրամադրուի Հայաստանի շաքարախտով հիւանդ երեխաներու Հիմնադրամին:
Յասմիկ
Պապեանի հետ հանդէս կուգայ Կլենտէյլի Սիմֆոնիկ Նուագախումբը՝ հայրենակից Միքայէլ Աւետիսեանի
ղեկավարութեամբ: «Արուեստագէտները՝ երեխաներու համար» (Artists for Kids) կազմակերպութեան
այս համերգային նախաձեռնութեան շնորհիւ,երկու տաղանդաւոր հայ երաժիշտներ նոյն բեմին վրայ
կը ներկայացնեն նաեւ հայկական երաժշտութիւնը՝ ամերիկացի հանդիսատեսին: Յայտարգի մէջ տեղ
կը գրաւեն արիաներ իտալական լաւագոյն օփերաներէն ու հայկական, մասնաւորապէս՝ Կոմիտասի
գործերը: