2012-06-20 12:04:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարկային Ունկնդրութիւնը։
Կոչ Ի Նպաստ Նիճէրիոյ


Չորեքշանթի 20 յունիս 2012 առաւօտեան ժամը 10.30 անց, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան Սրահին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց հոն համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Հայրը նաեւ ընդունեց Լէթթոնիայի վարչապետ Տիար Վալտիս Տոմպրովսքիս ու անոր ընկերացող շքախումբը։

Ունկնդրութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը, շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնը ըսաւ.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր մեր աղօթքը ըլլալու է ամէնէն առաջ փառաբանութիւն, շնորհակալութիւն եւ գոհաբանութիւն մեր Հայր Աստուծոյ որ ամէն օր մեզի կը յայտնէ իր սէրը։ Եփեսացիներուն ուղղած իր թուղթին մէջ, Սուրբ Պօղոս կ'օրհնէ զԱստուած որ մեզի պարգեւեց Յիսուս Քրիստոսը` իր կամքին խորհուրդը (Եփես. 1,9)։

Հաւատացեալին համար, այս խորհուրդը անծանօթ մը չէ, այլ ողորմած Աստուծոյն կամքն է, անոր սիրոյ ծրագիրը որ մեզի թոյլ կու տայ, բոլոր սուրբերուն հետ միասին, հասկնալու եւ իմանալու Քրիստոսի Սէրը։ Օրհնութեան պատճառները Աստուծոյ ազատ կամքին իղձն է որ մեզ կոչեց սրբութեան եւ եկեղեցւոյ մէջ ծառայելու։ Սկիզբէն մենք Աստուծոյ ծրագիրին մաս կը կազմենք։ Ան մեզ ստեղծեց Սիրով։ Այս սէրը մեզ կը դարձնէ բարի, մեզ կը սրբացնէ եւ մեզ կը փրկէ։

Փրկութեան ծրագիրը կ՛անցնի չարչարանքէն, անցկութենէն, եւ Քրիստոսի զոհաբերումէն խաչի վրայ։ Քրիստոսով մենք փրկուեցանք եւ դարձանք Աստուծոյ սեփականութիւն։ Սուրբ Պօղոս մեզ կը մղէ վերագտնելու Աստուծոյ սիրոյ խորութիւնը որ կը յեղաշրջէ պատմութիւնը եւ որ քրիստոնեաներու հալածողը դարձուց Աւետարանի առաքեալ։
Սուրբ Հոգին մեզի պարգեւուած է, որպէսզի Քրիստոսով իրագործուած փրկութիւնը շարունակուի մինչեւ անոր կատարումը։
Որպէս Յիսուսի մարմնոյն անդմաներ, մենք կ՛ընթանանք դէպի Աստուծոյ որդիներու ազատութեան լիութիւն Գոհաբանենք զայն որովհետեւ Անոր սէրը մեզ կը կոչէ հաղորդութեամբ ապրելու Իր հետ։


Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները։ Ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։
Յունիս ամիսը - ըսաւ Ան- մեզ կը հրաւիրէ Յիսուսի Սուրբ Սրտին հանդէպ ջերմեռանդութեան։ Սիրելի երիտասարդներ` այս Աստուածային սրտի դպրոցէն սորվեցէք սիրել։ Դուք սիրելի հիւանդներ` ձեր տարապող սիրտը միացուցէք Աստուծոյ Որդւոյն սիրտին եւ դուք սիրեցեալ նորապսակեալներ սիրոյ աղբիւրէն քաղեցէք երբ կը սկսիք կերտել ձեր ընտանեկան կեանքը։



Կոչ Ի Նպաստ Նիճէրիոյ
Ունկնդրութեան ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կոչ մը ուղղեց ի տես Նիճէրիոյ մէջ քրիստոնեաներու դէմ իրագործուող ահաբեկչական արարքներուն։
Մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Նիճէրիոյ լուրերուն - ըսաւ Ան - ու մինչ աղօթքս կը բարձրացնեմ զոհերուն ու տարապողներուն համար կոչ կ՛ուղղեմ ուժգնութիւն բանեցնող պատասխանատուներուն որ դադրեցնեն անմեղներու արիւնահոսութիւնը ու կը մաղթեմ Նիէթրիոյ բոլոր ընկերային խաւերու միջեւ համագործակցութեան հաստատումը, որպէսզի ոխակալութիւնը դադրի եւ բոլոր քաղաքացիները միասնաբար աշխատին կերտելու համար խաղաղ եւ հաշտ ընկերութիւն մը ուր պաշտպանուած ըլլայ ազատօրէն կրօնքը դաւանելու իրաւունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.