2012-06-20 13:12:11

Լիբանանի Մէջ, Յոյն Կաթողիկէներու Եպիսկոպոպսական Սիւնոդոս ։


՜՜ Սուրիոյ տագնապի հարցը՝՝։
Յունիս 16-23 Լիբանանի Այն Թրազ շրջանին մէջ, Յոյն կաթողիկէ եկեղեցին եպիսկոպոսական ժողով կը գումարէ , ունենալով որպէս նիւթ ՜՜Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Լիբանան այցելութիւնը, Արաբական աշխարհի ներկայ վիճակը եւ Սուրիոյ տագնապը՝՝։ Եպիսկոպոսական Սիւնոդոսը կը գլխաւորէ գերերջանիկ Կրէկուար Գ պատրիարքը։ Իր բացման ելոյթին մէջ, պատրիարքը յայտնեց որ Եկեղեցին զօրակից է սուրիացի ժողովուրդին եւ կոչ կ'ուղղէ երկրի պատասխանատուներուն, որ յառաջ տանին դրական բարենորոգումները քաղաքական, ընկերային ու մշակութային մարզերէն ներս։ Միաժամանակ Պատրիարքը դատապարտեց տեղի ունեցող բոլոր բռնութիւնները խնդրելով՝ հեռու պահել երկրին բնակիչները քաղաքական ընդհարումէն։ Երկխօսութեան ոգին, պատրիարքին գնահատումով, լաւագոյն պատրաստութիւնն է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան համար։









All the contents on this site are copyrighted ©.