2012-06-20 13:11:52

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ԱՆԱՆԻԱ ՇԻՐԱԿԱՑԻ


Ոչ միայն 7-րդ դարու, այլ բոլոր դարերու մեծագոյն հայ գիտնականը կարելի է համարել Անանիա Շիրակացին. Ան ծնած է Անի քաղաքը եւ շատ փոքր տարիքէն արդէն ծարաւի եղած է ուսմանց. Չգտնելով հայ միջավայրին մէջ բնական գիտութեանց ու թուաբանութեան հմտութիւնը, ան կ՛որոշէ մեկնիլ Արեւմուտք, տիրանալու համար այդ խրթին ուսմանց։ Զանազան տեղեր կ՛երթայ բայց չի գտներ իր ուզածը. Ի վերջոյ` Կոստանդնուպոլսէն զինք կ՛ուղարկեն Տրապիզոն, Տիւքիկոս անունով հանճարեղ ու գիտուն ուսուցիչի մը մօտ. Անանիա 8 տարի կ՛աշակերտի այս համբաւաւոր գիտնականին, կ՛ըլլայ անոր ամենափայլուն աշակերտը եւ կը տիրանայ մեծ հմտութեան շատ մը գիտութիւններու մէջ։
Այսքան տարիներու անխոնջ ուսումէն ու զարգացումէն ետք` Անանիա կը վերա-դառնայ հայրենիք լեցուած իր սորվածը աշակերտներուն ջամբելու մեծ բաղձանքով. Սակայն կ՛անդրադառնայ թէ իր դարուն ապրող հայ աշակերտները անընդունակ էին տակաւին այսպիսի գիտութիւններու եւ զանոնք կ՛որակէ ծոյլ ու շուտ ձանձրացող։ Միայն քանի մը հաւատարիմ աշակերտներ կ՛ունենայ, որոնք սակայն հետագային մեծ անուն մը չեն թողուր մեր գրականութեան մէջ։
Անանիայի ամենակարեւոր գրուածքն է իր Աստղաբաշխութիւնը։ Հոն նախ կը խօսի երկնքի վրայ ու աստղերուն վերաբերեալ բացատրութիւններ կու տայ. Հին առասպել-ները, զոր օրինակ Վահագնի յարդգողը կը բացատրէ բնական կերպով, յայտնելով թէ այդ աստղերը մեզմէ շատ հեռու ըլլալնուն պատճառաւ է որ իրարու մօտ եւ շատ փոքր կ՛երեւին։ Կը խօսի նաեւ երկրի, ծովու, օդի, անջրպետի եւ զանազան ուրիշ բնական երեւոյթներու մասին, տալով դարձեալ խելացի բացատրութիւններ. Զոր օրինակ` թէ ինչու բոլոր գետերը ծով կը թափին եւ ծովու մակերեսը բնաւ չի բարձրանար. Պատճառն է որ արեւու ճառագայթները կը շոգիացնեն ջուրը, որոնք ամպ դառնալով` կը տեղան որպէս անձրեւ երկրի վրայ, եւայլն։
Շիրակացիի ոճը այնքան պարզ է եւ լեզուն դիւրըմբռնելի, որ ամէն կարդացող շատ դիւրաւ կրնայ հասկնալ իր պատճառաբանութիւնը. Կը զգացուի իր մէջ ուղղակի մանկավարժական հետազօտութիւնը եւ իր գիտութիւնը հասկնալի դարձնելու ջանքը. Ան չի վարանիր գործածելէ նոյնիսկ բնական կեանքէ առնուած օրինակներ, աւելի մատչելի դարձնելու համար իր ուսուցումը։
Շիրակացիի մահուընէ բաւական ետք է որ հայ գրագէտներն ու գիտնականները իր յարգը գիտցան. Իրմէ 3 դար ետք` Գրիգոր Մագիստրոս կը գրէ Պետրոս Գետադարձ Կաթողիկոսին, յանձնարարելով որ մեծ զգուշութեամբ պահէ Շիրակացիի գրութիւնը, որովհետեւ մէջը շատ իմաստուն բացատրութիւններ կան. Այսօր անշուշտ ան հայ բոլոր գիտնականներուն կողմէ արժանացած է մեծագոյն գնահատանքներու։
Անանիա գրած է նաեւ Յաղագս կշռոց եւ չափուց թուաբանական գրութիւնը, որ, հետեւողութեամբ Եպիփան Կիպրացիի, կը քննէ եւ կու տայ ճշգրիտ չափերը Սուրբ Գրքի մէջ յիշուած եւ գործածուած բոլոր կշիռի վերաբերեալ բառերուն։
Իրեն կը վերագրուի նաեւ Ժամանակագրութիւն մը, ուր պատմական դրուագներ կան իրեն ժամանակակից դէպքերու եւ որ կը հասնին մինչեւ 685 թուականը, որ հաւանաբար իր մահուան թուականը եղած ըլլայ։
Անանիա հին եւ նոր դարերու հայ մեծագոյն գիտնականը կը համարուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.