2012-06-19 12:57:42

Քրիստոնեայ-Իսլամ Միջազգային Համագումար Պէյրութի Մէջ։


«Կրօններու, Մշակոյթներու Եւ Ազգերու Գոյակցութիւնը Հրամայական Է Համաշխարհայնացած Աշխարհին Մէջ» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Երկուշաբթի առաւօտ, (18 յունիս 2012-ին) Պէյրութի մէջ բացումը կատարուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ միջազգային համագումարին, որ կազմակերպուած է Վատիկանի միջկրօնական բաժանմունքի, Իրանի միջիսլամական բաժանմունքի, հիւսիսային Լիբանանի սիւննի միջկրօնական հաստատութեան, եւ Միացեալ Նահանգներու անկլիքան եկեղեցւոյ կողմէ ։
Վատիկանի բաժանմունքը կը ղեկավարէր կարտինալ Ժան-Լուի Թորան, Իրանի միջիսլամական բաժանմունքը՝ այաթոլլահ Մոհամետ Թասխիրիի, Լիբանանի սիւննի միջկրօնական հաստատութեան բաժանմունքը շէյխ Մալիք Շաարի, եւ Միացեալ Նահանգներու անկլիքան եկեղեցին Ճոն Ռայսըն Շէյն եպիսկոպոսը։
Համագումարին ընդհանուր բնաբանն էր «Ինչպէ՞ս կրնան քրիստոնեաներ եւ իսլամներ միասնաբար արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատել բռնութեամբ լեցուն եւ փոփոխութեան ենթակայ աշխարհին մէջ»:
Համագումարի բացման նիստին խօսք առաւ Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ: Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը` ուղղուած համագումարին, կարդացուեցաւ Կոմիտաս արք. Օհանեանի կողմէ՝ որուն մէջ վեհափառը կարեւոր նկատեց այս նախաձեռնութիւնը, եւ քանի որ երկու կրօններն ալ նոյն արմատները ունին իբրեւ միաստուածեան կրօններ, ու հասարակաց նոյն արժէքները ունին: Հետեւաբար, պէտք է հասարակաց արժէքները, սկզբունքները եւ ճշմարտութիւնները աւելի ամրապնդուին։ Գալով տարբերութիւններուն պէտք է լաւ ճանչնալ ու փոխադարձ ճանաչումով եւ յարգանքով պէտք է կազմակերպուին յարաբերութիւնը, գործակցութիւնն ու գոյակցութիւնը: Եւ աւելին` գործակցութիւնը հարկ է իր շօշափելի արտայայտութիւնը գտնէ խաղաղ ու ներդաշնակ գոյակցութեամբ: Կրօններու, մշակոյթներու եւ ազգերու գոյակցութիւնը հրամայական է ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ: Համագումարին իբրեւ նիւթ ընտրած էք, գրած է Արամ Ա., թէ ինչպէ՞ս քրիստոնեաներ ու իսլամներ կրնան միասնաբար աշխատիլ արդարութեան եւ խաղաղութեան համար: Ուրախ ենք, որ նախ արդարութիւնը կը յիշուի եւ ապա` խաղաղութիւնը, որովհետեւ չկայ ճշմարիտ ու ամբողջական խաղաղութիւն առանց արդարութեան: Խաղաղութիւնը պատերազմի բացակայութիւնը չէ. խաղաղութիւնը արդարութեան ներկայութիւնն է: Քրիստոնէական աստուածաբանութեան համաձայն, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը աստուածային պարգեւներ են` տրուած մարդուն: Հետեւաբար, արդարութիւն չկատարելը, խաղաղութիւնը մերժելը մեղք են Աստուծոյ նկատմամբ: Արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը Աստուծոյ պարգեւները ըլլալով հանդերձ, նաեւ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած առաքելութիւն են: Մարդը կոչուած է արդարութեան ու խաղաղութեան համար աշխատելու հոն, ուր անոնք բացակայ են: Ընդհանուր գիծերով նաեւ այս է մօտեցումը իսլամութեան: Հետեւաբար, այս ուղղութեամբ երկու միաստուածեան կրօններուն միջեւ գործակցութիւնը ոչ միայն բնական է, այլեւ` անհրաժեշտ, մանաւանդ ներկայ աշխարհին մէջ, ուր փոխան արդարութեան ու խաղաղութեան կը տիրեն բռնութիւնը, մարդկային իրաւունքներու անտեսումը եւ կրօնական ու բարոյական արժէքներու նահանջը»: Երկօրեայ համագումարի աւարտին քրիստոնեայ-իսլամ միացեալ կոչ մը պիտի հրապարակուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.