2012-06-19 12:47:29

Վալէրի ՊՈՒԱՅԷ Վերընտրուած ։
Թուրքերը Դժգոհ Այս Ընտրութենէն։ ՊՈՒԱՅԷ յայտարարած էր ՝՝ Պիտի Շարունակեմ Պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնելու Համար՝՝ ։


Ֆրանսայի Խորհրդարանական ընտրութեանց վերջնական արդիւնքներուն համաձայն Վալերի Պուայէ, «որուն պատճառով թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն մէջ մեծ ճգնաժամ ապրուած էր» վերընտրուած է: Ան ստացած է ձայներու 50.65 %-ը` առաջ անցնելով 49.35 % հաւաքած ընկերվարական մրցակից Քրիստոֆ Մասսէն:
ֆրանսայի ՈՒ-Մէ-Փէ (UMP) կուսկացութեան Պուշ Տը Ռոն շրջանի երեսփոխանական թեկնածու Տիկին Վալէրի ՊՈՒԱՅԷ երեսփոխանական առաջին փուլին արդարեւ չէր կրցած առաւելութիւն ապահովել, ու շատեր յատկապէս (Թուրքիոյ Պաշտօնական Թեզէրը պաշտպանողները) շատ ուրախ էին, կարծելով թէ ան երեսփոխան ընտրուելու բախտը այլեւս կորսնցուցած էր։
Յիշենք որ Տիկին Պուայէ շարադրած է Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը, որ նախորդ Կառավարութեան խորհրդարանի երկու պալատներուն կողմէ հաստատուելէ ետք չեղեալ համարուեցաւ երկրի Սահմանադիր Խորհուրդին կողմէ:

Պուայէ նաեւ յայտարարած է , որ պիտի շարունակէ իր պայքարը` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու համար:

Միւս կողմէ Թուրքերը նաեւ մտահոգ են ու տխուր անոր համար որ Թուրք-ֆրանսական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ Ժան-Ֆիլիփ Մորեր պարտուած է ներկայ ընտրութիւններուն: Անոր փոխարէն ձայներու 52.25 %-ով ընտրուած է Ընկերվարական թեկնածուն:

Ժան-Ֆիլիփ Մորեր այն փոքրաթիւ պատգամաւորներէն էր, որ դէմ քուէարկած էր Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին եւ լուրջ ներդրում ունեցած էր Սահմանադիր Խորհուրդին դիմելու հարցով: Այսպէս Թուրքիա ֆրանսայի Խորհրդարանին մէջ կորսնցուցած կ՝ըլլայ բարեկամ մը, որ իրենց համար շատ աշխատած էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.