2012-06-19 11:34:06

Չեսդոխովայի Տիրամօր Սրբապատկերը Կը Հասնի Վլատիվոսէոք։


Չեսդոխովայի տիրամօր սրբապատկերի կրկնօրինակը 15 յունիսին հասաւ Վլատիվոսէոք թեմը, որ կը գտնուի Սերպիոյ սահմանը։ Սրբանկարը նախապէս անցաւ Խազախիստանէն ու Չինաստանէն։ Ուխտագնացութեան բնաբանն է ովկիանոսէ ովկիանոս եւ ունի որպէս կէտնպատակ հայցել Աստուածամօր օգնութիւնը ընտանիքի ու կեանքի համար։ Տիրամօր ուխտագնացութեան նպատակն է արթնցնել ու զարգացնել հաւատացեալներու մօտ զգացումը կեանքի յարգանքին ու վիժումի դէմ եւ միաժամանակ հրաւիրել պետութիւնը որդեգրելու քաղաքականութիւն մը կեանքի ի նպաստ։ Կազմակերպիչները կը մատնանշեն որ Ռուսիան եղաւ աշխարհի առաջին երկիրը որ օրինաւորեց վիժումը եւ կը յուսան որ ռուսիոյ բնակիչները ըլլան առաջին պայքարողները կեանքի ի նպաստ։ Ռուսիայէն ետք Աստուածամօր պատկերը ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Եւրոպայի 20 երկիրներ, սկսելով՝ Պիելոռուսիայէն մինչեւ Փորթուկալ` վերջին հանգրուանը ուխտագնացութեան ։









All the contents on this site are copyrighted ©.