2012-06-19 11:26:00

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


Վատիկանի Ձայնասփիւռի ընդհանուր տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր շաբթուայ խմբագրականը յատկացուց Սուրիոյ տագնապալից իրավիճակին։
Սուրիոյ զանազան վայրերէն ամէն օր մեր ականջներուն կը հասնին տխուր լուրեր, ու կը պատմուի ամէն տարիքի եւ կրօնի պատկանող անմեղներու սպանդը։ Կացութիւն մը սկսած 15 ամիսներ առաջ ու տակաւին կը շարունակուի, եւ շատ մը դիտորդներ սկսան զայն որակել ՜՜ քաղաքացիական պատերազմ՝՝։

Երկիր մը որ յատկանշուած էր համակեցութեամբ՝ մահմետական զանազան դաւանանքներու միջեւ, ուր նաեւ հաստատուած էր զանազան քրիստոնեայ դաւանանքներու միջեւ համամիութենական կապ մը, եւ ուր քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը ընթացքի մէջ էր, ահա այսօր կը գտնուի մխրճուած քահոսային վիճակի մէջ, բռնութիւններու մէջ, ու քայքայումի վտանգին տակ։ Գերապայծառ Զէնարի` Սուրիոյ մէջ Առաքելական դեսպանը զայն որակեց <<դանդաղ վայրէջք մը դէպի դժոխք>>։

Փոփոխութիւններ պահանջող երիտասարդութեան աղաղակը - սուրիա եւ միջերկրականին այլ երկիրներու մէջ - անլսելի մնաց կառավարիչներու կողմէ, մինչ ընդդիմութեան շարքերուն միացան բռնարար անդամներ։

Հակառակ Սրբազան Քահանայապետի եւ ուրիշ կրօնապետերու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու ուղղած կոչերուն, միջազգային հասարակութիւնը տակաւին լուծում մը գտնելու անկարող կը թուի ըլլալ։ Գոֆի Աննանի ներկայացուցած առաջարկները չգործադրուեցան եւ միջազգային զինեալ ուժերու միջամտութիւնը մտահոգութիւն կը պատճառէ։

Մինչեւ ե՞րբ ուրեմն բռնութիւնները պիտի շարունակուին. մինչեւ երբ պիտի աճի մեռելներու ու գաղթականներու թիւը ։

Հաւատացեալներու համար ժամանակն է, գթութեան, աղօթքի եւ տառապողներուն օգնութեան հասնելու։
Ժամանակն է նաեւ՝ հրաւէր մը ուղղելու, ամէն մակարդակի վրայ երկխօսութիւն հաստատելու համար, ՜՜որպէս յոյսի նշոյլ մը՝՝ ։
Չմոռնանք Սուրիան ու չլքենք զայն։










All the contents on this site are copyrighted ©.