2012-06-19 12:47:02

Էջ Մը Հայոց Պատմութենէն
ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆԻ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ (510– 578)


Խաղաղ շրջան – ապստամբութեան պատճառը:
Վահան Մամիկոնեանի մահէն ետք` իրեն յաջորդեց որպէս մարզպան Հայոց` իր փոքր եղբայրը` Վարդան Մամիկոնեան։ Յարաբերաբար խաղաղ շրջան մը եղաւ անոր եւ յաջորդներուն մարզպանութեան շրջանը, մասնաւորապէս որովհետեւ Պարսիկներու վրայ կ՛իշխէր Խոսրով Նուշրեվան, կամ Խոսրով բարեսիրտ թագաւորը (531-579)։ Մինչեւ 564 թուականը ամէն ինչ լաւ անցաւ. Սակայն այդ տարին` Խոսրով որպէս մարզպան ղրկեց Հայաստանի Սուրէն Սուրէնեանը որ մոլեռանդ պարսիկ մըն էր եւ վճռած էր ամէն գնով Հայերը մղել դէպի կրակապաշտութիւն։ Ան 2 ծանր յանցանքներ գործեց. Դուինի մայր եկեղեցին զինուորական մթերանոց ըրաւ եւ օր մը` երբ կաթողիկոսը կ՛անցնէր պալատին առջեւէն զայն գաւազաններով ծեծել տուաւ։ Ասոր չհանդուրժելով` Մամի-կոնեան ընտանիքէն Վարդան Բ. իշխանը իր գունդով վրան յարձակեցաւ, ջարդեց պարսկական գունդը եւ Սուրէնը կտոր կտոր ըրաւ։
Կաղամախի Պատերազմը (571)
Խոսրով` սաստիկ բարկացած այս միջադէպին համար, հսկայ բանակ մը ղրկեց Հայաստաան, փիղերով եւ ձիաւոր գունդերով։ Անոնք եկան Մամիկոնեաններու շրջա-նը` Տարօն, եւ Կաղամախ կոչուած դաշտին մօտ ճակատեցան Վարդանի զօրքին դէմ, որոնք թէեւ քիչ էին, սակայն շատ լաւ մարզուած էին։ Մինչեւ կէսօր, ճակատամարտը անհաւասար մնաց. Սակայն Վարդան, օգտուելով պարսիկներու մէկ յարձակումէն, հրաման տուաւ իր պահակագունդին անցնելու թշնամիին կռնակը եւ հարուածելու փիղերու գունդը։ Փիղերը կատղած` սկսան կոխկռտել Պարսիկները եւ բանակը շփոթութեան մատնուելով` զինուորները սկսան փախչիլ. Վարդան գրաւեց անոնց զէնքերը եւ նոյնիսկ մաս մը փիղերէն։
Պատերազմ Յոյներու եւ Պարսիկներու Միջեւ
575-ին, մեծ պատերազմը տեղի ունեցաւ ընդմէջ Բիւզանդական կայսրութեան եւ Պարսկաստանի. Յոյները պարտուեցան մանաւանդ Միջագետքի մէջ. Սակայն երբ Խոսրով փորձեց օգտուիլ առիթէն եւ յարձակիլ Հայաստանի վրայ, Վարդան Բ. քաջու-թեամբ դիմադրեց եւ թոյլ չտուաւ որ Հայաստանը գրաւուի։ 578-ին մեռաւ Բիւզանդիոնի Յուստինոս կայսրը եւ տեղը եկաւ Մօրիկը. Ան անցնելով Եփրատը, դարձեալ պատե-րազմեցաւ Պարսիկներու դէմ. Իրեն միացած էին Վարդանի գունդերը. Քրիստոնեայ միացեալ բանակը ջախջախիչ յաղթանակ մը տարաւ, գերի բռնելով Պարսիկներու թագուհին եւ ջուրը նետելով սրբազան կրակը։ Խոսրով սրտի ցաւէն մեռաւ եւ իր տեղն անցաւ իր Կաւատ որդին, 578 թուականին։
Հայերու Վիճակը Յունահայաստանի Մէջ.
Յունահայաստանի մէջ` մինչեւ 536 թուականը Հայերը ունեցան հայ կառավարիչ մը. Սակայն Յուստինիանոս կայսեր օրով` այս իրավիճակը փոխուեցաւ, գլխաւորաբար որովհետեւ Հայերը Քաղկեդոնի տիեզերական ժողովի կանոնները չէին ընդունած։

Յոյն կառավարիչ մը դրուեցաւ Հայաստանի այս բաժնին վրայ, որ բաժնուեցաւ չորս մասերու. Առաջին Հայք (որ Կարինի կամ Էրզրումի գաւառն է), Երկրորդ Հայք (որ Կապադովկեան է, Սեբաստիա մայրաքաղաքով), Երրորդ Հայք (Մալաթիոյ շրջանը) եւ Չորրորդ Հայք (Խարբերդի նահանգը)։ Շատ մը հայ նախարարներ աքսորուեցան Պուլկարիա եւ Թրակիա, որպէսզի պատերազմին Սլաւ ազգերու դէմ, յօգուտ Բիւզանդական կայսրու-թեան։
Վարդան Բ. իր ընտանիքով գաղթեց Պոլսոյ մօտերը եւ հոն բնակեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.