18-20 յունիս` <<Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու օգնութիւն>> եկեղեցական հաստատութիւնը
կը գումարէ իր տարեկան նիստը որուն ընթացքին կը շօշափուին հետեւեալ նիւթերը. Ա - <<Հնդկաստանի
Ասորի Մալապար եկեղեցին եւ Ուգրանիոյ Յոյն Կաթողիկէ եկեղեցին>> - այս նիւթերուն շուրջ
ելոյթ կ՛ունենան գերապայածառ Ժորժ Ալէնգէրրի եւ գերապայծառ Զվիաթոզլաւ Շէվչուք։ Բ
- <<Սուրիոյ Իրավիճակը>>. որուն մասին կը զրուցեն գերապայծառ Զէնարի` Սուրիոյ մօտ առաքելական
նուիրակ եւ Սուրիոյ Գարիթասի նախագահ Անթուան Աուտօ Գ - <<Սուրբ Երկրի իրավիճակը>>
նիւթին մասին ելոյթ կ՛ունենայ Երուսաղէմի առաքելական նուիրակը գերապայծառ ֆրանքօ։
Իսկ
18 եւ 19 յունիսին Թունիզի մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Օազիս>> հիմնադրամի միջազգային կոմիտէի
համաժողովը <<Կրօնը յեղաշրջուող ընկերութեան մը մէջ. Թէ ինչպէս Թունիզը կը դիմէ Արեւմուտքին>>։
Հաւաքի ընթացքին նախատեսուած են քրիստոնեայ եւ մահմետական մասնագէտներու ելոյթներ։ Հաւաքի
բացումը կը կատարէ <<Օազիս>> հիմնադրամի նախագահը Կարտինալ Անճէլօ Սքոլան որ Միլանոյի
թեմի առաջնորդն է եւ 2004 ինք եղած <<Օազիս>> հիմնադրամի հիմնադիրը։
10
տարիներ առաջ՝ 16 յունիս 2002ին, երջանկայիշատակ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբերու
դասին մէջ կը կարգէր վեղարաւոր կրօնաւորներու միաբան՝ Բիէդրալչինայի Padre Pio- ն։
Այս կարեւոր յոբելեանի առթիւ շաբաթ 16 յունիսի առաւօտեան << San Pio da Pietralcina>>
եկեղեցւոյ մէջ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէն գլխաւորեց գոհաբանական
Սուրբ պատարագի արարողութիւնը։ Յետմիջօրէի ժամը 17.30 Ծիրանաւորը կատարեց տառապանքներու
սփոփանքի տան <<հետազօտութեան նոր կեդրոնին>> օրհնութիւնն ու առաջին քարի զետեղումը։