2012-06-18 12:58:55

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս Եւ Վկայականներու Բաշխում-


Շաբաթ, 16 յունիսի երեկոյեան, Պուրճ Համմուտ հայաշատ թաղամասի՝ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը, ներկայութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Ալեքսանտր Սերմանուկեան, Վանա Սեֆէրեան եւ Ժորժ Կէօզիւկիւչիւքեան: Անոնք շեշտեցին, թէ Մեսրոպեանի մէջ անցուցած են հաճելի եւ դաստիարակիչ օրեր: Բարի գալուտի խօսքերուն յաջորդեց արաբերէն ասմունք մը, որմէ ետք աշակերտները երգեցին արաբերէն եւ ֆրանսերէն երգ մը:
Ապա Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի տնօրէն տիկին Մարիա Պէօճէքեան, մօսեցաւ մանկապարտէզի յառաջդիմութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք գործեցին ի սպաս վարժարանին: Ապա իր հայրական պատգամը փոխանեց արհի. Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեան, որ ծնողներուն փոխանցեց, թէ այս հանդէսը նոյնինքն ցուցանիշ է հաստատելու, որ Մեսրոպեան վարժարանի իրենց ընտրութիւնը արդարացի է եւ ճշգրիտ: Գերապայծառը ըսաւ, որ Մեսրոպեանի մէջ մանուկներու հոգիները կը թրծուին հայաշունչ, ազգային եւ քրիստոնէական ապրումներով: Գերապայծառը շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի անձնակազմին, որ նուիրուած է իր դժուարին առաքելութեան:
Գերապայծառի խօսքին յաջորդեց մանկապարտէզի աշակերտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի 60 շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:
«Մենք ենք մեր սարերը» երգի կատարողութենէն ետք, ներկաները դիտեցին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի միամեայ գործունէութեան մասին տեսաերիզ մը: Այս առթիւ մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին «Քաջ Նազարը» երաժշտախառն թատերգութիւնը, որուն ընթացքին (Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ) դասարանները հայկական, արեւելեան, ֆրանսական, արաբական, եւրոպական, յունական եւ ամերիկեան պարերով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին որը փակուեցաւ «Սասնայ պար» եւ «Քոչարի» երգերու պարային կատարումներով:
Հանդիսութեան աւարտին, խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ Մեսրոպեանի մանկապարտէզը կրթութիւն ստանալու անդրանիկ քայլն է եւ այս առնչութեամբ անձնակամզը իր բոլոր ճիգերը համախմբելով կը ծառայէ վարժարանի առաքելութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի մանկապարտէզի անձնակազմին եւ մաղթեց, որ յառաջիկային վարժարանը կ՚արձանագրէ նոր նուաճումներ եւ ձեռքբերումներ: Ան նաեւ հաստատեց, որ մանկապարտէզը իրողապէս ապահով, վստահելի, արդիական եւ դաստիարակիչ կառոյց է:




























All the contents on this site are copyrighted ©.