2012-06-18 12:59:05

Յունիս 17-ին Գիւմրիի Մէջ Կայացաւ Անօթեւան Ընտանիքներու Համար Կառուցուած 28 Բնակարաններու Բաշխման Վիճակահանութիւնը։


Գիւմրի քաղաքին մէջ պետական աջակցութեամբ իրականացուող բնակարանային շինարարութեան ծրագրի ծիրէն ներս, «Մուշ-2» եւ «Անի» թաղամասերուն մէջ կառուցուող բնակարաններու բաշխման հերթական վիճակահանութիւնը կայացաւ Յունիս 17-ին, Գիւմրիի Անի թաղամասի թիւ 11 դպրոցի դահլիճին մէջ:
«Շիրակ կեդտրոն»ը ինչպէս նախորդ վիճակահանութիւններու ընթացքին, այս անգամ եւս հեռախօսազանգերու եւ հեռուստա-յայտարարութիւններու միջոցով շահառուները տեղեկացուցած է վիճակահանութեան կարգի եւ իրականացման ժամանակացոյցին մասին: Ինչպէս նաեւ՝ www.shirakcentre.org կայքին մէջ կը տեղադրուի բոլոր 2 սենեականոց բնակարաններու վիճակահանութեան մասնակցելու իրաւունք ստացած ընտանիքներուն ցուցակները:
Տեղեկացնենք, որ Գիւմրիի մէջ 2012 թուականին շահագործման պիտի յանձնուի 1756 բնակարաններ , որմէ Մուշ-2 թաղամասին մէջ 33 բնակելի շէնքեր` 1544 բնակարանով, իսկ Անի թաղամասին մէջ 5 բնակելի շէնքեր ` 212 բնակարանով, որոնց շարքին` 1 սենեականոց` 640 բնակարաններ , 2 սենեականոց` 528 բնակարաններ , 3 սենեականոց` 464 եւ 4 սենեականոց` 124 բնակարաններ :
Անի թաղամասին մէջ 4 սենեականոց բնակարաններ չեն կառուցուած :








All the contents on this site are copyrighted ©.