2012-06-18 12:59:16

Թուրքիոյ Մէջ Վաճառուած է Գալուստ Կիւլպենկեանի Առանձնատունը:200 Տարուայ Կառոյցը Հիւրանոցի Պիտի Վերածուի ։


Թուրքիոյի Կեսարիա քաղաքին մէջ վաճառուած է հայ բարեգործ, ժամանակի մեծահարուստներէն Գալուստ Կիւլպէնկեանի տունը:

Բնակարանի նոր տէրը` Նեճիփ Տինչեր կառոյցը պիտի վերածէ հիւրանոցի: Թուրքիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչ, ճարտարապետ Գէորգ Օզքարակէօզ գոհ է որոշումէն, քանի որ շինութեան պատմական տեսքը պիտի չխախտուի:
«Տարածաշրջանի մէջ քանդուած են տասնեակ առանձնատուներ: Այս կերպ շինութիւնը կանգուն կը մնայ, անիկա պատմական ձեռքբերում է»,(ըսած թրքահայ ճարտարապետը) :
1800-ականներուն կառուցուած շինութեան վերնայարկը ամբողութեամբ քանդուած է: Նոր տէրը խոստացած է, որ շինութիւնը պիտի չկորսնցնէ իր նախնական տեսքը եւ անոր վերակառուցման համար պիտի ծախսի 900.000 թրքական լիրա: Ան խոստացած է նաեւ, որ առանձնատան անունը «Կիւլպէնկեան»ըլլալով պիտի մնայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.