2012-06-18 12:58:44

Ընտանիքի Օր Զմմառու վանքին մէջ


Կիրակի, 17 յունիսին, Զմմառու «Վերափոխեալ Տիրամայր» վանքին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի Ընտանիքի յանձնախումբին տեղի ունեցաւ «Միասնաբար տօնենք Հայ Ընտանիքի Օրը»: Հայ կաթողիկէ բոլոր ժողովրդապետութիւններէն մօտ 800 հոգի՝ այրեր, կիներ եւ երեխաներ մասնակցեցան այս ձեռնարկին: Այս առթիւ սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատուցանեց Զմմառու Միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ՝ գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, առաւօտեան ժամը 11:30-ին, «Կռունկ» երգչախումբի մասնակցութեամբ: Ապա օրուան յայտագիրը ընդգրկեց գեղարուեստական կոկիկ բաժին մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.