2012-06-16 12:26:47

''Սինիս'' Հաղորդակցութեան Կազմակերպութիւնը, 2013-ին՝ Համաշխարհային Գիտաժողով Մը Կը Կազմակերպէ, Լիբանանի Մէջ ։


''Սինիս'' Հաղորդակցութեան կազմակերպութիւնը 2013-ին համաշխարհային գիտաժողով մը կ'ուզէ կազմակերպել Լիբանանի մայրաքաղաքը` Պէյրութ, որպէս նշան զօրակցութեան բազմաթիւ ազատախոհ, ազատատենչ ու ստեղծիչ երիտասարդներուն։ Սինիսի նախագահը Օկոսդին Լուրթուսամի ընդգծած է որ գիտաժողովի բնանիւթն է ''ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցները ի նպաստ խաղաղութեան մշակոյթի'' եւ ունի որպէս նպատակ հրաւիրել նոր սերունդը ճանչնալու իրենց իրաւունքներն ու պարտականութիւնները ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներով։ ՜՜Որպէս կաթողիկէ կազմակերպութիւն կ'ուզենք քաջալերել ու աշախատիլ նոր սերունդին հետ որպէսզի անոնք կարողանան իրենց ստեղծիչ միջոցներով ու խաղաղասէր ձգտումներով կերտել խաղաղութեան մշակոյթը։ Նշենք որ Սինիսի վերջին համաշխարհային ժողովը գումարուեցաւ Թայլանտիայի մէջ 2009-ին, եւ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին, աւելի քան՝ 600 կաթողիկէ մասնագէտներ, եկած աշխարհի չորս ծագերէն ։







All the contents on this site are copyrighted ©.