2012-06-16 12:29:13

ՀՀ Քաղաքացիները Հնարաւորութիւն Պիտի Ունենան Գերմանիոյ Մէջ Բուժում Ստանալու։


Յառաջիկային ՀՀ քաղաքացիներուն հնարաւորութիւն պիտի տրուի բժշկական հետազօտութիւն անցնելու եւ բուժում ստանալու Գերմանիոյ լաւագոյն մասնագէտներուն մօտ։ Այս մասին խօսուեցաւ երէկ՝ «Congress» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ: Այս առիթով առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան ժամանած է Գերմանիոյ հսկայ ապահովագրական ընկերութիւններէն մէկուն` «Հայտեպրեք»ի սեփականատէր Գլաուս Վան Հայտեպրեքը:
Ան նշեց, որ Հայաստանի ու Գերմանիոյ միջեւ այս ուղղութեամբ համագործակցութիւնը դեռ կը գտնուի նախնական փուլի մէջ, բայց ընթացքը արդէն դրական է: Մենք պէտք է կապ ստեղծենք Հայաստանի եւ Գերմանիոյ հիւանդանոցներուն միջեւ»( ըսաւ Գլաուս Վան Հայտեպրեք եւ ընդգծեց) որ հայ հիւանդներուն ու բժիշկներուն հնարաւորութիւն պէտք է տրուի Գերմանիա մուտք գործելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.