2012-06-16 12:29:40

Եգիպտոսի Մէջ Նախագահական Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլը Սկսած ։


Եգիպտոսի մէջ այսօր, առաւօտեան, մեկնարկած է նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը: Երկրի 27 շրջաններու մէջ բացուած են աւելի քան 13.000 ընտրատեղամասեր : Ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ 50 միլիոն ընտրողներ։
Քուէարկութիւնը պիտի տեւէ երկու օր, իսկ նախագահի պաշտօնին համար կը պայքարին երկու թեկնածուներ ` «Իսլամ եղբայրներ» շարժումի ներկայացուցիչ Մուհամետ Մուրտի եւ Հուսնի Մուպարաքի շրջանի վերջին վարչապետ Ահմետ Շաֆիք:
Մայիս 23-ին իրականացած նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլին՝ քանի մը տասնեակ հազար ձայնի տարբերութեամբ յաղթած էր իսլամիստ թեկնածուն:
Քուէարկութեան օրերը երկրին մէջ յայտարարուած են ոչ աշխատանքային, որպէսզի անոնց մասնակցութիւնը մեծաթիւ ըլլայ ։ Ընտրութիւններու ՝՝անվտանգութիւնը՝՝ ընտրատեղամասերու ու փողոցներուն մէջ կ’ապահովեն ուժային կառոյցներու աւելի քան 150.000 ներկայացուցիչներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.