2012-06-15 12:27:04

Վատիկանը Նեցուկ Կը Կանգնի ԱՄՆի Եպիսկոպոսներուն։


Վերախմբում` յանուն կրօնական ազատութեան։
ԱՄՆի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասը Ատլանտիոյ մէջ ներկայիս կը գումարէ իր գարնանային լիանիստ ժողովը ։ Եպիսկոպոսները 13 յունիսին անգամ մը եւս հաստատեցին թէ իրենք դէմ են Օպամայի այն քաղաքականութեան , որ կը միտի պարտադրել կաթողիկէ պաշտօնեաներուն գործել, առողջապահական մարզէն ներս, հակառակ իրենց խղճին ու կրօնական համոզումներուն։ Ամերիկացի եպիսկոպոսները կ'ամբաստանեն ներկայիս ամերիկեան կառավարութեան քաղաքականութիւնը կրօնական ազատութեան դէմ։ Վատիկանի առաքելական դեսպանը Ուաշինկթընի մօտ` գերապայծառ Գարլօ Վիկանօ իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնած է ԱՄՆի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.