2012-06-15 13:16:39

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Նոր Աւետարանացումը եւ Եհովայի վկաները
(2)
Նախորդ հաղորդումին մէջ, պարզեցինք Եհովայի վկաներու աղանդաւորական շարժման հիմնական սկզբունքներ, որոնք կը կազմեն անոնց աստուածաբանութեան կորիզը: Իսկ այժմ պիտի տանք ուրիշ հիմնական սկզբունքներ եւ Աստուածաշունչին հարազատ խօսքերը որպէս պատասխան անոնց հերձուածներուն:
ա- Սուրբ Հոգին
Նախ կ՛ըսեն թէ Սուրբ Հոգին անձ մը չէ, այլ պարզապէս «գործոն ոյժ մըն է» ելեկտրական ոյժին պէս: Սակայն Աստուածաշունչը մեզի ցոյց կու տայ թէ Սուրբ Հոգին բանական եւ անձ մըն է, որ կը խորհի, կը խօսի, կ՛առաջնորդէ, կը մխիթարէ եւ կը քննէ մարդոց եւ Աստուծոյ խորհուրդները: Հետեւաբար Սուրբ Հոգին կատարեալ անձնաւորութիւն մըն է, ամենասուրբ Երրորդութեան երեք անձերէն:
Նոյնպէս Եհովայի վկաները կ՛ըսեն թէ Սուրբ Հոգին անձ մը չ՛ըլլալով՝ բնականաբար նաեւ Աստուած չէ: Սակայն Սուրբ Գիրքը մեզի կը բացատրէ թէ անիկա ո՛չ միայն անձ մըն է, այլ նաեւ՝ Աստուած է, որովհետեւ Հօրմէն կը բխի, ինչ որ կը նշանակէ թէ Հօրը հետ նոյն բնութիւնը ունի:

բ- Մարդը եւ Հոգին
Եհովայի կկաները կը մերժեն մարդուն հոգին հոգի ունենալը եւ հոգիին անմահութիւնը: Կ՛ըսեն թէ մարդս հոգի չունի: Մարդը «կենդանի հոգի» է, այսինքն շունչ ունեցող արարած է՝ բոլոր անասուններուն նման, բայց չունի անմահ հոգի: Սակայն Աստուածաշունչը կ՛ըսէ մեզի թէ մահուան ատեն մարդ արարածը իր յաւիտենական տունը կ՛երթայ: Այն ատեն հողը (մարմինը) երկիր պիտի դառնայ՝ առաջուան եղածին պէս, եւ հոգին պիտի դառնայ Աստուծոյ որ զանիկա տուաւ:
Յիսուս ըսաւ իր առաքեանլերուն. « Մի վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն, եւ չեն կրնար հոգին սպաննել. այլ վախցէք անկէ (Աստուծմէ) որ կրնայ հոգին ու մարմինը գեհենին մէջ կորսնցնել: Հետեւաբար Քրիստոսին խօսքը յստակ ապացոյց է թէ մարմինին կողքին հոգի մըն ալ կայ, որ անմահ է: Հոգիի անմահութեան մասին հը վկայէ մեզի Ս. Ստեփանոսը, Քրիստոսի առաջին վկան, երբ աղօթքին մէջ կ՛ըսէր. « Տէր Յիսուս, ընդունէ իմ հոգիս»: Եթէ չկայ հոգի մը, որ մահուայ ատեն «Աստուծոյ կը դառնայ», ի՞նչ էր որ պիտի ընդունէր Աստուած Ստեփանոսի նահատակութեան ժամանակ:

գ- Քրիստոսի Երկրորդ Գալուստը
Եհովայի վկաները Քրիստոսի Երկրորդ գալուստին մասին կ՛ըսեն ՝ թէ Քրիստոս իր մարմնով եւ տեսանելի ձեւով պիտի չգայ, այլ իր գալը միայն հոգեւոր «ներկայութիւն» մը իրենց իսկ բառերով՝ «երկրորդ ներկայութիւն» մը պիտի ըլլայ, որ արդէն իսկ եղած է:
Սակայն Աստուածաշունչը յստակ կերպով կ՛ըսէ թէ Երկրորդ գալուստը տեսանելի պիտի ըլլայ: Մատթէոս աւետարանին մէջ 24-րդ գլխուն մէջ կը կարդանք. «Այն օրերու անձկութիւններէն ետք, արեւը պիտի խաւարի, լուսինը պիտի տժգունի, երկինքէն աստղերը պիտի թօթափին եւ զօրութիւնները պիտի խախտին: Այն ատեն երկինքի վրայ պիտի յայտնուի Մարդու Որդիին նշանը: Այն ատեն երկրի ազգերը իրենց կուրծքը պիտի բախեն եւ պիտի տեսնեն Մարդու Որդին որ կու գայ ամպերու վրայ իր ամբողջ զօրութեամբ եւ փառքով»:








All the contents on this site are copyrighted ©.