2012-06-15 13:16:47

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ժողովը։


Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամը։
Երեքշաբթի, 12 յունիսի առաւօտուն, բացումը կատարելով Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան ժողովին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնէական միութեան շօշափելի արտայայտութիւն տալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ. «Պատմութեան պայմաններուն բերումով, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւններուն առնչուած եկեղեցիներու ունեցած տարբեր մեկնաբանութիւններուն հետեւանքով բաժանման ճեղքեր յառաջացան եկեղեցիին մէջ: Ճիշդ է, եկեղեցին իր էութեամբ ու առաքելութեամբ մնաց նոյնը, եկեղեցիներու միութեան հիմքը մնաց անխախտ, սակայն աստուածաբանական ու դաւանական տարբեր մեկնաբանութիւնները եկեղեցիները իրարմէ հեռացուցին պատմութեան ընթացքին: Այսօր, շնորհիւ միջեկեղեցական շարժումին ու եկեղեցիներուն միջեւ զարգացող աստուածաբանական երկխօսութիւններուն, փոխադարձ հասկացողութիւնը եւ հիմնական հարցերու շուրջ համախոհութիւնը սկսած են դառնալ տիրապետող եկեղեցիներու յարաբերութեան ու գործակցութեան մէջ» ։ Վեհափառը ըսաւ նաեւ՝ «Յաճախ կը յիշեցնենք, թէ Միջին Արեւելքէն սկսաւ քրիստոնէական լոյսին տարածումը. դարձեալ Միջին Արեւելքէն սկսաւ քրիստոնէական բաժանումը: Արդ, անհրաժեշտ է, որ քրիստոնէական միութիւնը եւս սկսի Միջին Արեւելքէն »: Վեհափառը նաեւ յիշեց Ղպտի եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. պատրիարքին վախճանումը` շեշտելով, որ ան կարեւոր դեր ունեցած էր Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ: Վեհափառին խօսքէն ետք իր տեղեկագիրը ներկայացուց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Փոլ Ռուհանա: Առաւելաբար աստուածաբանական վերլուծումով յատկանշուած իր տեղեկագիրին մէջ ընդհանուր քարտուղարը, իբրեւ յառաջիկայ տարիներու խորհուրդի առաքելութեան ընդհանուր ուղղութիւն, ընդգծեց հոգեւոր արժէքներու շեշտաւորումը, միջեկեղեցական գործակցութեան հրամայականը եւ ընկերային ծառայութեան վերակազմակերպումը: Ապա ան տեսակէտ պարզեց խորհուրդի վարչական կառոյցին առնչուած շարք մը հարցերու շուրջ: Յաջորդաբար իրենց տեղեկագիրները ներկայացուցին տնտեսական յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ խորհուրդի ներքին կառոյցը բարեփոխութեան ենթարկելու կոչուած յանձնախումբը: Քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ նիւթականը ու ծախսերու աճումը ու դժուարութիւնները համապատասխան որոշումներ առնելու համար։









All the contents on this site are copyrighted ©.