2012-06-14 12:29:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 14 յունիս 2012 առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց ֆԱՕ-ի ՄԱԿի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն` տիար Խօսէ Կրացիանօ Տա Սիլվա, անոր կողակիցը ու իրենց ընկերացող շքախումբը։ Ապա 11.30 Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց ֆրանսայի Puy-en-Velay- ի եպիսկոպոսը գերապայծառ Հանրի Պրէնգար։ Հուսկ 11.45 անց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Գոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն 11 եպիսկոպոսներուն որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Իսկ երէկ, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ճուզեփփէ Թոնիոլոյի երանացման դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը Սրբազան Քահանայապետին յանձնեց երանելի Թոնիոլօյի մասունքները։ Նշենք որ անցեալ 29 ապրիլին Ճուզեփփէ Թոնիոլոյի երանացման արարողութեան առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան հայրը յայտարարած էր թէ <<Անոր (Ճուզեփփէ Թոնիոլոյի) պատգամը այժմէական է>> եւ թէ <<Ան կը յայտնէ մարդուն կեդրոնականութիւնը եւ զօրակցութեան կարեւորութիւնը։

Յայտնենք որ յառաջիկայ 16 յունիսին Իտալական Կաթողիկէ Բանուրական շարժումի անդամներուն մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Սուրբերու Ժողովի Կառավարիչը Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոն, երանելի Ճուզեփփէ Թոնիոլօյի մասունքներէն մսս մը պիտի զետեղէ վերոյիշեալ շարժումի <<Տոմուս Մարիէ>> անուամբ մատրան խորանին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.