2012-06-14 14:42:52

Երեւանի Մէջ Կը Նշուի Եղիսաբէթ 2-րդի Յոբելեանը։ Ցուցահանդէս Գաֆէսճեան Արուեստի Կեդրոնին Մէջ։


Մեծ Բրիտանիոյ Թագուհի Եղիսաբէթ Բ.ի գահակալութեան ադամանդէ յոբելեանի տօնակատարութիւնները Հայաստանի մէջ իւրօրինակ ձեւով կը շարունակուին։
Այդ տօնակատարութեան երեւանեան ամենահրապարակային արտացոլանքը դարձած էր թագաւորական ներքին զօրքերու զինուորներու պատկերումը Երեւանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպանատան պատին:
Իսկ Յունիս 15-ին թագուհիի ծննդեան օրուան հանդիսութիւնը, իր գեղարուեստական արտացոլանքը կ'ունենայ Գաֆէսճեան Արուեստի կեդրոնի Խանճեան դահլիճի մէջ: Ձեւաւորող-նկարիչ Տաթեւ Մնացականեան Եղիսաբէթ 2-րդին նուիրուած աշխատանք պիտի ստեղծէ Գաֆէսճեան Կեդրոնի մէջ:
Այս առիթով հանդիսութեան պատուաւոր հիւրը պիտի ըլլայ Նորայր Մակարեան, որ հեռաւոր 1952-ին Լոնտոնի մէջ ներկայ եղած է Եղիսաբէթ 2-րդի թագադրութեան պաշտօնական արարողութեան: Խորհդրային 1200 նաւաստիներու շարքին ան միակ հայն էր, որ «Սուեդրլով» նաւէն ողջունեց երիտասարդ Թագուհին:
Յունիսի բոլոր Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն Թագուհիի եւ անոր պահակախումբի հագուստով դերասաններ պիտի շրջին Երեւանի այգիներուն մէջ:
Եղիսաբէթ 2-րդը ծնած է 1926-ին Ապրիլ 21-ին: Ան գահ բարձրացած է 1952 թուականին, երբ հազիւ 25 տարեկան էր:







All the contents on this site are copyrighted ©.