2012-06-13 14:40:52

Վատիկանը Իր Վիշտը Կը Յայտնէ Ի Լուր Նիճերիոյ Եկեղեցիներու Դէմ Կատարուած՝ Մահափորձերուն։


Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը՝ յիսուսեան հայր ֆրետերիքօ Լոմպարտի, երկուշաբթի 11 յունիսին մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց ՜՜Վատիկանի վիշտը ի լուր Նիճերիոյ եկեղեցիներու դէմ կատարուած մահափորձերուն՝՝։ Ան յոյս յայտնեց որ Նիճերիոյ իշխանութիւնները կարողանան յաջողութեամբ դիմագրաւել կացութիւնը ու վերջ տան ամէն կիրակի օրերը եկեղեցիներու դէմ կատարուող՝ ոճրագործութիւններուն։Իր կարգին Ժոս թեմին առաջնորդը գերապայծառ Քայկանա յետ այդ մահափորձերուն հրաւիրած է հաւատացեալները խոհեմութեան, քանի որ , ըսած է ան, գործ ունինք ոճրագործներու հետ, որոնք կը խորհին թէ Եկեղեցին թշնամի մըն է եւ կը մարմնացնէ արեւմտեան մշակոյթը։ Անոնք չեն ներկայացներ Նիճերիոյ մահմետականները։










All the contents on this site are copyrighted ©.