2012-06-13 14:43:05

Ռուսահայոց Նոր Եկեղեցւոյ Հիմնարկէքը։


Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց Թեմի Եակուտսկ քաղաքին մէջ, Յունիս 9-ին Թեմակալ Առաջնորդ Ներսիսեան Եպիսկոպոսի ձեռամբ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքի արարողութիւնը։ Հայկական աւանդական ճարտարապետական ոճով նախագծուած եկեղեցին կը կառուցուի շնորհիւ համայնքի հաւատաւոր հայորդիներու բարերարութեան։
Հիմնօրհնէքի արարողութենէն ետք, Ներսիսեան Սրբազանը իր օրհնութիւնը բաշխեց ներկաներուն յոյս յայտնելով որ նորակառոյց եկեղեցին դառնայ համախմբող ու օրհնութիւն պարգեւող օրրան մը։
Հեռաւոր Եակուտիայի հայերու թիւը այսօր շուրջ 5000 է, անոնք Եակուտիա կ՝ ապրին 1800-ական թուականներէն ի վեր, եւ հիմնականին մէջ կը զբաղին շինարարութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.