2012-06-13 14:41:24

Պոզնիայի Կառավարութեան Կողմէ Աշխատասիրուած Ռազմավարութիւնը, Վերջ Դնելու՝ Կաթողիկէներու Ներկայութեան Երկրին Մէջ։


Պանիա Լուքա կաթողիկէ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Franjo Komarica
մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնած է որ Պոզնիայի կառավարութիւնը աշխատասիրած է ռազմավարութիւն մը Խրուաթ կաթողիկէները երկրէն հեռացնելու նպատակով ։ Գերապայծառին գնահատումով՝ այդ հասարակութիւնը՝ այսինքն խրուաթ կաթողիկէները օտարներ չեն, այլ անոնք երկրի ամենահին բնիկներն են, եւ կառավարութիւնը ամէն ջանք կը տանի զանոնք հեռու պահելու, որպէսզի անոնք տուն չվերադառնան։ Այդ ուղղութեամբ գերապայծառը դատապարտեց միջազգային հասարակութեան մեղսակցութիւնը։ Յայտնենք որ 17 տարի անցած է Պոզնիայի պատերազմին եւ շուրջ 400 հազար կաթողիկէներ տակաւին կ'ապրին օտարութեան մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.