Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ցաւակցութիւնները Ղասսան Թուէյնիի Մահուան Առթիւ։
Պէյրութ- Երկուշաբթի, 11 յունիսին, Լիբանանի նախկին երեսփոխան, դիւանագէտ, լիբանանեան
եւ արաբական լրագրութեան ամէնէն երեւելի դէմքերէն, մեծանուն մտաւորական եւ բազմավաստակ
հրապարակագիր Ղասսան Թուէյնիի մահուան ի լուր Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան, ընկերակցութեամբ
պրն Ապպուտ Պօղոսի, այցելեցին Աշրաֆիէի «Մար Նիքոլա» եկեղեցին, հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան
ցաւակցութիւնները յայտնելու Թուէյնի ընտանիքին։ Ղասսան Թուէյնի մահացած էր Ուրբաթ,
8 Յունիսին, 86 տարեկանին, սուգի մատնելով Լիբանանը։ Անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը
տեղի ունեցած էր կեդրոնական Պէյրութի յոյն ուղղափառներու «Մար Ժըրժոս» եկեղեցւոյ մէջ,
ներկայութեամբ հոգեւոր եւ պետական անձնաւորութիւններու եւ մեծաթիւ սգակիրներու։