2012-06-13 14:42:49

Իսրայէլցի Նախարարը Կոչ Ըրած "Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը" :


Իսրայէլի բնապահպանութեան նախարար Կիլատ Էրտան յայտարարած է, որ հրէական պետութիւնը պէտք է փոխէ իր քաղաքականութիւնը եւ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն ճանչնայ։ (Այս մասին կը գրէ Jewish Journal-ը):
Կիլատ Էրտան, որ երկրի վարչապետ Նեթանիահուի մերձաւոր դաշնակիցն է, նման յայտարարութիւն կատարած է երէկ Իսրայէլի Քնեսեթի մէջ տեղի ունեցած քննարկման ժամանակ:
«Ես կը կարծեմ` միանգամայն նպատակայարմար է, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնայ հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած Հոլոքոսթը»( ըսած է Էրտան) : Երէկ Հայոց Ցեղասպանութեան քննարկման յատուկ նիստին ժամանակ Իսրայէլի պատգամաւորները քուէարկած են յօգուտ անոր, որ քննարկումը շարունակուի Քնեսեթի Կրթութեան յանձնաժողովին կողմէ:
Իսկ Քնեսեթի խօսնակ Ռէուվեն Ռիւլին (ըստ Jerusalem Post-ի) նոյն քննարկման ժամանակ ըսած է «Անոնք, որոնք վերջնական լուծում առաջարկեցին հրեաներու համար, կը կարծէին, որ աշխարհը լուռ կը մնայ, ինչպէս հայերուն սպանդի ենթարկելու ժամանակ: Քնեսեթը չի կրնար անտեսել այս դրուագը, որ փաստ է: Մենք չենք կրնար ներել մեր եղեռնը արհամարհող ազգերը եւ չենք կրնար արհամարհել ուրիշներուն եղեռնը»: Իսրայէլ պարտաւոր է յիշելու մօտ 100 տարի առաջ թուրքերուն կողմէ սպաննուած մէկ միլիոնէ աւելի Հայերը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ The Jerusalem post-ը, ան նաեւ զգուշացուցած է, որ անիկա պէտք չէ վերածուի թրքական կառավարութեան վրայ յարձակման:








All the contents on this site are copyrighted ©.