2012-06-12 13:38:51

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։
Սուրբ Հաղորդութեան Ներկայութիւնը։


Ռատիվատիկանի ընդհանուր տնօրէն՝ հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիին շաբթուայ խմբագրականին նիւթն է ՝՝Սուրբ Հաղորդութեան Ներկայութիւնը՝՝։
Խմբագրականին սկիզբը Ան կ՝ընդգծէ Սրբազան Քահանայապետի, Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ, ներկայացուցած խորհրդածութիւնը, ուր Նորին Սրբութիւնը - կը գրէ Լոմպարտին - առիթը ունեցաւ դարձեալ խօսելու <<Սուրբ Հաղորդութեան>> պաշտամունքի մասին որ իր քահանայապետութեան վարդապետութեան գլխաւոր կէտերէն մին կը կազմէ։ Սրբազան Քահանայապետը նշեց Սուրբ Պատարագի մատուցման եւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքի լրացուցիչ երեւոյթները։
Հայր Լոմպարտի իր խմագրականը կը շարունակէ ակնարկելով Սրբազան Քահանայապետի Միլանոյի մէջ արտասանած մէկ ճառին ու խօսքը ուղղելով ամուսնալուծեալ զոյգերուն կ՛ըսէ << շատ կարեւոր է որ անոնք զգան որ Քրիստոսի Մարմնոյն հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելով է որ Սուրբ Հաղորդութիւնը իրականութիւն եւ մասնկացութիւն մը կը դառնայ։>> Արդ՝ Հայր Լոմպարտին կ՛եզրափակէ թէ կարելի է նաեւ Քրիստոսի հետ ունենալ <<հոգեւոր>> հաղորդակցութիւն մը, որովհետեւ Քրիտոսի Մարմինը միայն նշխարհը չէ այլ համայն եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.