2012-06-11 14:05:31

Փրոֆ. Հ. Լեւոն Պօղոս Զէքիան Պէյրութի Մէջ Այցելեց «Ազդակ»ի Խմբագրատուն։


Հայագիտութեան Մարզին Մէջ Սփիւռքահայ Ամէնէն Վաւերական Դէմքերէն Փրոֆ. Հ. Լեւոն Պօղոս Զէքիան, Պէյրութ կատարած իր կարճատեւ այցելութեան ընթացքին այցելեց նաեւ «Ազդակ»ի խմբագրատուն, տնօրէնութեան հետ ունեցաւ շատ շահեկան զրոյց մը՝ որուն ընթացքին արծարծեց հայագիտութեան վերաբերող ներկայ խնդիրներ, արեւմտահայերէնի այսօրուան պարզած պատկերն ու հետագայ աշխատանքներու կարեւորութիւնը, սփիւռքահայ մամուլի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Եւրոպայի եւ յատկապէս Իտալիոյ մէջ ազերիագիտութեան հաստատման միտող քայլերը եւ ցեղասպանագիտութեան վերաբերող նոր մօտեցումներու երեւոյթները:
Այս առթիւ Ազդակ թերթը գրած է որ՝ Փրոֆ Զէքիեանի յառաջիկայ Լիբանան այցելութեան ընթացքին, ծրագրուած է «Ազդակ»-ի լսարանին մէջ զեկուցել այս կարեւոր հարցերուն մասին:
Հոս աւելցնենք թէ Հ Զէքիեանի քահանայական ձեռնադրութեան 45 ամեակի առիթով՝ Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքի մեծաւորը գերյ. Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ Նորատունկեան, պատուեց գերյարգելին սիրոյ սեղանով, որուն հրաւիրուած էին Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի երնթաքարտուղարը՝ գերապայծառ Մաուրիցիօ Մալվեսթիթի ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Հռոմահայերու ներկայացուցիչներ եւ հայ մամուլի գործիչներ. անշուշտ նաեւ Վարժարանի տեսչութիւնն ու ժառանգաւորները։
Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ, խօսք առաւ վարժարանի մեծաւորը, որ շնորհաւորելով Հ Զեքիանը վեր առաւ անոր բեղուն աշխատանքը եկեղեցւոյ ու հայ ազգին ի նպաստ, խօսք առին նաեւ հիւրերը հուսկ նաեւ Հ. Զէքիան որ յուզումով արտայայտուեցաւ ու շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ի պատիւ այս անակնկալ հանդիպումին համար։ Լեւոնեան վարժարանը եւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդը իրեն նուիրեցին Գերյարգելիի մատանի մը ու Իգոն մը։
Ռատիովատիկանի Հայերէն Հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ Գերյարգելի Հ. Լեւոն Զէքիանը ու բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ անոր ։








All the contents on this site are copyrighted ©.