2012-06-11 12:47:34

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 11 յունիսին առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ, ընդունեց Յունաստանի դեսպան՝ Տիար Միլէթատիս Հիսգագիսը, եկած՝ հրաժեշտի այց կատարելու Նորին Սրբութեան։

Իսկ ժամը 11.10 անց Քահանայապետներու Սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ընդունեց Քահանայապետական Եկեղեցական Ակատեմական Հասարակութեան 40 անդամները։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ <<հաւատարմութեան առաքինութեան վրայ որ -ըսաւ Ան - <<յատկանշական իրողութիւն մըն է հաստատուած Սրբազան Քահանայապետի ու անոր անմիջական օգնականներուն միջեւ։>> Եկեղեցւոյ մէջ ապրուած այս հաւատարմութիւնը կոյր հաւատարմութիւն մը չէ այլ լուսաւորուած է Հաւատքի լոյսով - հաստատեց Նորին Սրբութիւնը - խօսքը ուղղելով Սուրբ Աթոռի ապագայի դիւանագէտներուն, աւելցնելով որ << հաւատարմութեան չափանիշի համեմատութեամբ է որ կը չափուի հաւատքի արժանելիութիւնը >>։
Նշենք որ Քահանայապետական եկեղեցական ակատեմեան հիմնուած է 1701-ին Կղեմէս ԺԱ Պապի օրով որպէս երիտասարդ դիւանագէտներու կազմաւորումի կաճար։ 3 դարերէ ի վեր այս հաստատութիւնը կը կազմէ Սուրբ Աթոռի դիւանագիտական մարմինը։


Հուսկ Գոնչիսթորօ Սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց <<Օդակայաններու կաթողիկէ մատրանապետերու>> 15րդ Սէմինարի 100 մասնակցիներուն։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկեց թէ Օդակայանները աւետարանացումի վայրեր են եւ հոն գործող մատրանապետները պարտականութիւնը ունին մարդիկը առաջնորդելու Աստուծոյ հետ հանդիպման։>>

Յետ միջօրէի ժամը 19.30-ին, Նորին Սրբութիւնը, այս տարի եւս, Լատերանեան Համալսարանի մէջ, բացումը կը կատարէ Հռոմի Թեմի տարեկան եկեղեցական Հովուական խորհրդաժողովին ։
Խորհրդաժողովի Բնանիւթն է <<Գացէք աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը, զանոնք մկրտեցէք ու դաստիարակեցէք՝՝ եւ ՜՜Վերագտնենք Մկրտութեան Խորհուրդի գեղեցկութիւնը։>>
Նշենք որ վերոյիշեալ խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ 11 - 13 յունիս 2012։ Սրբազան Քահանայապետի “Սուրբ Գիրքի մեկնաբանութենէն ետք>> խօսք կ՛առնէ գերապայծառ Գրիսբինօ Վալթնացիանոն որ կը խօսի մկրտութեան խորհուրդի մասին եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին։
Երեքշաբթի 12 յունիսի երեկոյեան Հռոմի Թեմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինին կը զրուցէ << վերանորոգուած մկրտութեան խորհուրդի հովութեան համար ուղեցոյց մը>> նիւթին մասին, որուն միջոցաւ կը ներկայացնէ հովուական նոր ուղեգիծերը։
Թեմական հաւաքի փակումը կը կատարէ գերապայծառ Անտրէա Լոնարտոն որ իր ելոյթով կը ներկայացնէ յետ մկրտութեան հովութեան ներկայացուած առաջարկները. հուսկ երրորդ օրը նախատեսուած են կլոր սեղաններ ուսումնասիրելու համար առաջարկները։








All the contents on this site are copyrighted ©.