2012-06-09 12:03:18

Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Նախագահը Մեծն Պրիտանեան Կ՛այցելէ։


9- 11 յունիս Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նխագահը Կարտինալ Գիւրտ Գոխը կ՛այցելէ Մեծն Պրիտանեան ու Գանթէրպուրրիի մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Րոան Ուիլլիամսի հետ ու ապա Գանթէրպուրրիի Մայր Տաճարին մէջ կը մասնակցի հոգեւոր արարողութեան հուսկ կը հանդիպի Հրովմէական - Անկլիքան Կաթողիկէ միջազգային յանձնախումբի անդամներուն հետ։
11 յունիսին Կարտինալ Գոխը հանգրուան կը կատարէ Լոնտոն ուր հանդիպում պիտի ունենայ <> աւետարանական շարժումի անդամներուն հետ ու ապա Սուրբ Երրորդութեան Անկլիքան եկեղեցւոյ մէջ պիտի մասնակցի Հոգեւոր արարողութեան հուսկ պիտի այցելէ >>St Martin-in-the-Fields>> եւ Սուրբ Միքայէլ ժողովրդապետութիւնները հուսկ Ուեսթմինսթերի Աբբայարանի մէջ պիտի մասնակցի Ժամասացութեան արարողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.