2012-06-09 12:02:44

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Շաբաթ 9 յունիս 2012-ի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Նոր Կինէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի շարք մը եպիսկոպոսներուն որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Նշենք որ Բաբուայ Կինէի բնակչութեան թիւն է 6 միլիոն 35 հազար որոնց մեծամասնութիւնը բողոքական Կաթողիկեները կը կազմեն բնակչութեան 30 առ հարիւրը։
Իսկ յետ միջօրէի ժամը 18ին Սրբազան Հայրը ընդունեց Հաւատոյ Վարդապետութեան տարածման Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Ուիլիամ Լէվատան ու անոր ընկերացող` նոյն ժողովի քարտուղարը գերապայծառ Լուիս ֆրանսիսքօ Լատարիա ֆէրրէր։


Իսկ Կիրակի 10 յունիսի կէսօրին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը Սուրբ Պետրոսի Հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ որոնց շարքին նաեւ համայն իտալիայէն ժամանած երկու հազար շարաժանիւներու վարորդներ որոնք մաս կը կազմեն Իտալիոյ Զինուորական <<Ամֆօփ>> եւ Լացիօ մարզի <<Այզա>> ընկերակցութիւններուն։ Մարեմաեան Աղօթքի ընթացքին պիտի ցուցադրուի հետեւեալ գրութիւնը կրող մեծ պաստար մը <<մէկ վայրկեան լռութիւն Էմիլիա Րոմանիայի երկրաշարժի զոհերուն>>։
Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն կը ջամբէ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.