2012-06-09 12:03:52

Եւրոպական Միութիւնն Ու Օթան-ը Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանային Միջադէպերուն Նկատմամբ Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն։


ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռոլանտ Քոպիա յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ լարուածութեան եւ զոհերու թիւի աճին առնչութեամբ մտահոգուած է:
«Մենք պէտք է փորձենք կողմերը բանակցային սեղանի շուրջ նստեցնել եւ խնդիրը խաղաղ ճամբով լուծել», ըսած է ան: Ըստ անոր, Եւրոպական Միութիւնը տագնապի խաղաղ լուծման նպաստելու համար ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան յաւելման ուղղուած միջոցառումներ կ՛առաջարկէ:
ՕԹԱՆ նոյնպէս ցաւ յայտնած է շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերուն վերաբերեալ: Հարաւային Կովկասի մէջ ՕԹԱՆ-ի համակարգումի սպայ Ուիլիըմ Լաուն այդ մասին յայտարարելով նշած է, որ «յոյս ունինք, որ ստեղծուած իրավիճակը լուրջ անկայունութեան պատճառ չդառնայ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.