2012-06-08 11:56:05

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնէական Հաւատքի Փոխանցումը


Նոր Աւետարանացումը եւ Եհովայի վկաները
(1)
«Եհովայի Վկաներ» անունը կրող աղանդաւորական շարժումը վերջին տարիներուն մանաւանդ սկսաւ թափանցել քրիստոնէական եկեղեցիներու կեանքէն ներս, աշխարհի չորս կողմերը: Այս շարժման հիմնադիրն է Շարլ Ռասէլը, ծնած 1852 թուականին, Բիթրզպուրկ Փենսիլվանիա նահանգին մէջ:
1870-ականներուն, տակաւին 18 տարեկան Շարլը կը հիմնէ փոքրիկ խումբ մը՝ Աստուածաշունչի սերտողութեան նպատակով, ուր իրեն կու տան «հովիւ» անունը: Այս փոքր խումբը շուտով ճանչցուեցաւ որպէս «Սուրբ Գիրքի ուսումնասիրողներու միութիւն», որ յետագային ստացաւ «Եհովայի վկաներ» անունը:
Եհովայի վկաներու Աստուածաբանութիւնը եւ դաւանանքը
Եհովայի վկաները բերանացի թէ գրաւոր բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ կը սիրեն իրենք զիրենք ներկայացնել իբրեւ ճշմարիտ հաւատացեալները եւ Եհովայի միակ հաւատարիմները, «ընտրեալները», Աստուծոյ անունը (Եհովա) կրող միակ ճշմարիտ «Աստուծոյ ժողովուրդը»:
Եհովայի վկաներու վարդապետութեան մէջ կարելի է առանձնացնել հետեւեալ հիմնական սկզբունքները, որոնք կը կազմեն անոնց աստուածաբանութեան կորիզը:
ա- Աստուածաշունչը
Աստուածաշունչին համար կ՛ըսեն թէ սխալ է «Հին Կտակարան» եւ «Նոր Կտակարան» կոչել անոր երկու բաժինները, այլ զանոնք պէտք է կոչել «Եբրայական Ս. Գրութիւններ» եւ «Յունական Ս. Գրութիւններ», մինչդեռ նոյնինքն Աստուածաշունչին մէջ երկու անգամներ Պօղոս առաքեալի կողմէ գործածուած կը գտնենք « Կտակարան» (Ուխտ) բառը՝ Հին եւ Նոր Կտակարաններուն համար:
բ- Սուրբ Երրորդութիւնը
Սուրբ Երրորդութեան համար կ՛ըսեն թէ չկա՛յ Երրորդութիւն, որ իբրեւ թէ հեթանոսական է. այլ կ՛ըսեն, կայ միակ Աստուած մը՝ Եհովան, որուն Որդին է (բայց Աստուած չէ) Յիսուս Քրիստոս: Երրորդութեան վարդապետութիւնը սատանային կողմէ հնարուած է, կ՛ըսեն: Բայց ասիկա բնաւ շիտակ չէ: Յիսուս ինք իր աշակերտներուն պատուիրեց. « Գացէք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք՝ յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ» (Մտթ. 28.19)
գ- Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս
Աստուծոյ միածին Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի աստուածութիւնը կ՛ուրանան Եհովայի վկաները: Անոնք կ՛ըսեն թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին էր, բայց Աստուած չէր: Նախքան մարդեղութիւնը անիկայ պարզ «հոգեղէն արարած» մըն էր, կ՛ըսեն, ստեղծուած արարած մը, եւ ո՛չ թէ Ամենակալ Աստուածը:
Կ՛ըսեն թէ Յիսուս, Աստուծոյ Որդին, Աստուծոյ հետ մէկ եւ հաւասար չէ՛, բայց անկէ վար «աստուած» մըն է, ստորադաս Հօրմէն, ինչ որ բացարձակապէս կը հակասէ Աստուածաշունչի Ճշմարտութեան:
Կ՛ըսեն թէ, քանի որ Յիսուս Աստուած չէ, անոր երկրպագելը կամ պաշտամունք մատուցանելը ճշմարիտ աստուածապաշտութենէն շեղում եւ մոլորութիւն է, եւ Աստուծոյ դէմ գործուած ծանր մեղք մը: Սակայն Աստուածաշունչը յստակօրէն կ՛ըսէ թէ նոյնինքն Հօր Աստուծոյ կամքն է, որ ամէնքը պատուեն Որդին ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս հայրը կը պատուեն, որովհետեւ Որդին չպատուողը Հայրն ալ չի պատուէր (Յովհ. 5. 22-23):
Կ՛ըսեն թէ յարուցեալ Քրիստոսը նոյն ինքն Միքայէլ հրեշտակապետն է: Սակայն Նոր Կտակարանը ոեւէ տեղ Յիսուսի հրեշտակի հետ չի նոյնացներ. ընդհակառակը, կը շեշտէ հրեշտակներուն եւ Որդդին անսահման տարբերութիւնը:
Ի վերջոյ կ՛ըսեն թէ Յիսուսի մարմինը յարութիւն չառաւ, այլ ամբողջութեամբ փճացաւ գերեզմանին մէջ, եւ Աստուած (Եհովան) հոգեղէն նոր մարմին մը ստեղծեց իրեն համար: Սակայն մեր Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ՛ըսէ, թէ Յիսուս իր նոյն մարմինով յարութիւն առաւ: Նոյնպէս եթէ Յիսուսի մարմինը գերեզմանին մէջ մնաց ու փճացաւ, ինչո՞ւ չորս Աւետարանիչներն ալ կը պատմեն թէ մարմինը գերեզմանին մէջ չգտնուեցաւ, եւ ատիկա մեծագոյն վկայութիւնն էր անոր յարութեան, ինչպէս Յովհաննէս Աւետարանիչը ինք թափուր գերեզմանը եւ մէկ կողմ դրուած պատանքը տեսաւ եւ հաւատաց: (Յովհ. 20.8):








All the contents on this site are copyrighted ©.