Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը Ս Գրոց Սերտողութեան Հետեւող Տիկիններուն։
«Հաւատալ Կը Նշանակէ Ճանչնալ, Ապրիլ Եւ Մասնակցիլ»։ Արամ Ա. կաթողիկոսը
երեքշաբթի, 5 յունիսի՝ առաւօտուն, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ Սուրբ Գրոց սերտողութեան
հետեւող աւելի քան 150 տիկիններուն, իր պատգամը ուղղելով շեշտը դրաւ հաւատքի կենսական
կարեւորութեանվրայ մարդու կեանքին մէջ, բացատրեց նաեւ հաւատքի իմաստը եւ հրամայականը: Վեհափառը
ընդհանուր ակնարկ մը նետելով հաւատքի իմաստին ու դրդապատճառին վրայ, ըսաւ, թէ մարդը անկատար
արարած մը ըլլալով հաւատալը գերիվեր ուժի մը իր կազմախօսական դրութեան բնական հետեւանքն
է:Դարերէն սկսեալ մարդը հաւատացած է բնութեան առնչուած ուժերուն ու քաղաքակրթութեան յառաջացումով,
գիտութեան զարգացումով ու մարդկային բանականութեան մշակումով, մարդու հաւատքի առարկան
եւս իր ներքին զարգացման ընթացքը ունեցած է: Քրիստոս` Աստուծոյ Որդին, եկաւ ըսելու, թէ
ինքն է ճշմարտութիւնը: Եզրակացնելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ, թէ քրիստոնեային համար
իր հաւատքի առարկան մարդեղացեալ Քրիստոսն է, որ ցոյց տուաւ դէպի Աստուած տանող ճշմարիտ
ճամբան: Հաւատալը ամէն բանէ առաջ կ՛ենթադրէ ճանչնալ մեր հաւատքի առարկան, մեր հաւատքին
առնչուած ճշմարտութիւնները եւ երեւոյթները: Այս մօտեցումը առաւելաբար քրիստոնէութեան
յատուկ երեւոյթ մըն է: Սուրբ Գրոց սերտողութիւնը, աստուածաբանութիւնը, կրօնական գիտելիքներու
ուսուցումը ըսաւ վեհափառը, կ՛օժանդակեն քրիստոնեային գիտակցական խորք տալու իր հաւատքին:
Քրիստոնէական հաւատքը պէտք չէ միայն գիտնալ, այլ անհրաժեշտ է զայն ապրիլ, մեր կեանքին
մէջ գործնական արտայայտութիւն տալ անոր, ու նաեւ մասնակցիլ եկեղեցւոյ կեանքին: Եկեղեցին
Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է. ինչպէս ըսաւ Յիսուս ՜՜հոն, ուր քանի մը հոգիներ իմ անունովս
հաւաքուած են, ես հոն եմ՝՝: «Հաւատալ կ՛ենթադրէ պատկանիլ եւ պատկանիլը հաւատալ` կարելի
չէ զանոնք իրարմէ անջատել: Այս հասկացողութեամբ մենք պէտք է մեր քրիստոնէական հաւատքը
ըմբռնենք, ապրինք` գործօն մասնակցութիւն բերելով մեր եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին ու
առաքելութեան: Ըսաւ Վեհափառը եւ գնահատեց տիկիններուն մասնակցութիւնը Սուրբ Գրոց սերտողութեան
եւ թելադրեց, որ երիտասարդ օրիորդները եւ հարսերը աւելի մեծ թիւով իրենց մասնակցութիւնը
բերեն նման նախաձեռնութիւններուն: